ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ. «ԱՆ ՈՐ ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԳՈՐԾԷ, ՄԵՐ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԸՆՉ
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ երէկ յայտնեց, որ սուրիական ուժերուն կողմէ Համայի մէջ իրենց քաղաքացիներուն դէմ կատարուած յարձակումը «վայրագութիւն» է, իսկ կառավարութիւն մը, որ այսպիսի արարքներ կ՛արտօնէ, չի կրնար բարեկամ կոչուիլ:
«Ես ասիկա կ՛ըսեմ իմ անունովս. այն ինչ որ այսօր Համայի մէջ տեղի կ՛ունենայ… Անոնք, որոնք այս արարքները կը գործեն, մեր բարեկամը չեն կրնար ըլլալ: Անոնք մեծ սխալ մը կը գործեն», ըսաւ Արընչ:
CATEGORIES Միջազգային