50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (5 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ԲԺԻՇԿԻՆ ՍԻՒՆԱԿԸ

ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՅ

Յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն շատեր արձակուրդի կ՛երթան: Անոնցմէ ոմանք իրենց առօրեայ կենցաղէն աւելի վատթար օրեր կ՛անցընեն եւ օգտուելու տեղ կը վնասուին:

Յաճախ ըսած եմ, կրկնեմ, թէ արձակուրդի գացողը բարելաւելու է իր ապրելակերպը մէկ կամ երկու շաբթուան դադարի ատեն: Հակառակ պարագային` այդպիսիները կը վերադառնան տուն եւ բժշկական խնամքի կը յանձնուին, որովհետեւ ունին արեւախանձ մորթ, արեւահարութենէ` գլխացաւ, ճպոտած աչքեր եւ մարսողութեան գործարաններու խանգարումներ: Անշուշտ փարթամ պանդոկներու մէջ շամփանիան խմողներու համար չէ խօսքս:

Ուստի կ՛ընեմ հետեւեալ թելադրութիւնները.-

1.- Բրդեղէն հագուստնիդ տունը մի՛ մոռնաք, եթէ լեռնային վայր մը ընտրած էք արձակուրդի համար, լեռներու մէջ գիշերը շատ ցուրտ կ՛ընէ:

2.- Թեթեւ հագուեցէք, եւ թող ճերմակի վրայ ըլլայ ձեր հագուստ կապուստը, եթէ ծովեզերեայ է ձեր արձակուրդին վայրը: Արեւի ճառագայթները կը կիզեն կրկնակ արագութեամբ, երբ կը ցոլանան ծովուն մակերեսէն:

3.- Երբ տարուան մեծ մասը քաղաքին մէջ արեւէն հեռու անցուցած էք, առաջին օրէն մի՛ այրէք ձեր մորթը` ձեր սպիտակ մարմինները արեւին տակը պարզապէս խորովելով: Արեւահարութիւնը ձեր ակնկալածէն աւելի պատահական է: Պաշտպանեցէք ձեր գլուխը սպիտակի վրայ գլխարկներով` վանելու համար կիզիչ ճառագայթները արեւին:

4.- Երկար մի՛ մնաք ջուրին մէջ: Դարձեալ, թաց լաթերով մի՛ քնանաք աւազին վրայ: Շատ պաղ ջուրին մէջ յանկարծ նետուելէ զգուշացէք, մանաւանդ եթէ ունիք արեան ճնշման բարձրութիւն եւ կամ սրտի անկանոնութիւններ:

5.- Անոնք, որոնք լողալ չեն գիտեր, պէտք չէ որ խորունկ տեղ ընտրեն լոգնալու համար: Կէս մէջքէն վեր թող չելլէ ջուրը, որովհետեւ մկաններու պրկումին իբրեւ հետեւանք` մէկը կրնայ խեղդուիլ: Լողալ գիտցողներն ալ հեռուները երթալու չեն առանձինն: Լաւ է, որ երկու-երեք հոգի միասին լողան:

6.- Եթէ վարժուած չէք կարգ մը խմիչքներու եւ ուտելիքներու, մի՛ ուտէք` ինչ որ տեսնէք ճաշարաններուն մէջ: Շատ դիւրին է աւրուած կերակուրներէ թունաւորումը արձակուրդի վայրերու մէջ:

7.- Դարձեալ, գինը վճարած եմ ըսելով` շատակերութիւն մի՛ ընէք: Մէկու մը մարսողական գործարանները կրնան որոշ չափով միայն մարսել իրենց ընդունածը: Կուրաղետապը եւ մաղձի տոպրակին բորբոքումները յաճախադէպ են այդ ամիսներուն:

8.- Քնացէք 8-10 ժամ օրական եւ լաւ մը կազդուրուեցէք` փոխանակ գիշերները անքուն անցընելու: Քունը լաւագոյն դեղն է սրտի տագնապէ ապաքինելու համար:

9.- Անտառներու կամ չմշակուած արտերու մէջէն անցնելէ ետք, անպատճառ լոգանք առէք:

10.- Եթէ պատահի, որ հիւանդանաք, դիմեցէք վստահելի բժիշկի մը:

ԲԺ. Ա. ԱԲԷԼԵԱՆ

 

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ
ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ

Օդափոխութեան վայրերու բախտաւոր հայրենակիցներ, վստահ ենք, որ առաւելագոյն չափով պիտի մասնակցիք այն հանգանակութեան, որ վաղը` կիրակի, 6 օգոստոս, լիբանանեան հովոցներու մէջ պիտի կատարուի Լիբանանահայ օգնութեան խաչին կողմէ` ի նպաստ Շթորայի կազդուրման կայանին:

Մօտ տասը տարիէ ի վեր հաստատուած Շթորայի կազդուրման կայանը նախախնամական դեր կը կատարէ մեր նորահաս սերունդի ֆիզիքական առողջութեան տեսակէտէն:

Այս խոր գիտակցութեամբ, նիւթական ձեր քաջալերութիւնը պիտի ընծայէք Օգնութեան խաչին, որուն հանգանակիչ յանձնախումբերը, գիւղագնացութեան զանազան կեդրոններու մէջ, պիտի շրջին տունէ տուն` դիմելով իւրաքանչիւր հայու առատաձեռնութեան եւ նուիրաբերութեան ոգիին:

Share this Article
CATEGORIES