Ի ՊէՏՍ ԶԱՐԳԱՑԵԼՈՑ

1.  Բարբարոս

Եթէ բանաք արդի բառարան մը` հայ թէ օտար,  ու փնտռէք այս բառին իմաստը, ապա պիտի գտնէք` վայրենի, վայրագ, խուժդուժ, բարբարիկ եւ այս կարգի հոմանիշներ: Իսկ եթէ դիմէք  ստուգաբանական բառարանի մը օգնութեան, այստեղ պիտի նկատէք, որ ան  ծագումով յունական է, կ՛արտասանուի barbaros եւ սկզբնապէս կը նշանակէր պարզապէս  օտար: Սակայն շատ վաղուց  այս նախնական կամ առաջնային իմաստին վրայ  պատուաստուած է երկրորդ մը, որ է մեզի ծանօթ բարբարոս բառը, որուն չորս իմաստները տրուեցան վերը թաւագիր (bold) տառերով: Այս վերջին իմաստը իր կարգին  այն աստիճան հին է, որ շատ լաւ ալ չենք գիտեր, թէ ե՛րբ տիրապետած է մէկը ու ե՛րբ առաջացած է  միւսը: Հերոդոտոսի  քով, որ հինգերորդ դարու պատմիչ է (Քա), արդէն այս երկու իմաստները առկայ են եւ աւելի կ՛իշխէ երկրորդը` բարբարոս, եւ շատ յատկանշական է այս իրողութիւնը, որ միայն լեզուական բնոյթ չունի, այլ ամբողջ ազգային մտածողութեան մը արտայայտութիւնն է, ամբողջ աշխարհընկալում մըն է: Արդարեւ, յոյնին համար, որ մարդկութեան տուած է Հոմերոս, էսքիլէս, Սոկրատէս եւ շատ նմանները, ամէն ինչ որ օտար էր, այսինքն` յոյն չէր, ապա միաժամանակ  բարբարոս էր: Ահա այս մտածողութեամբ ապրած ու գործած է յոյնը, եւ Հին աշխարհը իր  առօրեայ վերաբերումով եւ պատմական ընթացքով` լիովին իրաւունք տուած է յոյնին: Այսօր,- եւ միայն այսօ՞ր,- քաղաքակիրթ աշխարհը, իր անսահման հարկատուութեամբ` յունական մշակոյթին, գիտութեան ու մանաւանդ լեզուին, լիովին կը հաստատէ յոյն ժողովուրդի այն մեծամտութիւնն ու  յաւակնութիւնը, թէ` ինչ որ յոյն  չէ, այլ  օտար է, ապա ան բանիւ նովին բարբարոս  է:  Եւ ինչո՞ւ զարմանալ. վերցնենք պահ մը յունական նպաստը, որ արդի քաղաքակիրթ պետութիւններու  կեանքին մէջ ամէնօրեայ ներկայութիւն է իր զանազան արտայայտութիւններով` իբրեւ լեզու, գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն, բնազանցութիւն, պատմութիւն, գիտութիւն, ճարտարապետութիւն, ուսողութիւն, բնագիտութիւն, քիմիագիտութիւն, աշխարհագրութիւն եւ այլն, ապա քաղաքակիրթ աշխարհը փուլ կու գայ, պարզապէս կը դառնայ… լեռնցի կամ անտառաբնակ բարբարոս` վայրենի, վայրագ, խուժդուժ ու բարբարիկ. Արեւմուտքը կը վերածուի հսկայ  քարայրի մը, ուրկէ Պղատոն իր խանդակաթ ձեռքերով դուրս բերաւ համայն մարդկութիւնը: Յիշենք միայն Աղեքսանդր Մեծի արշաւանքներու էապէս քաղաքակրթական անսահման տարողութիւնը: Անոր տասը տարիները բաւական եղան, որպէսզի փոխուի ամբողջ Հին աշխարհի դիմագիծը:

Հայ  ժողովուրդը անմասն չմնաց, բարեբախտաբար, այս համայնական սեղանէն, որ կը յորդէր յունական հանճարի բարիքներով. սկսած` Տիգրան Մեծէն, անցնելով անոր զաւակին` Արտաւազդին, որոնք հաւասարապէս տոգորուած էին յունական մշակոյթով` հելլենիզմով: Տիգրան յոյն արուեստագէտներով լեցուց իր արքունիքը, իսկ Արտաւազդ` գեղարուեստական երկեր յօրինեց յունարէնով. այս վկայողը օտարներն են,  հայկական աղբիւրները չեն: Ապա  կու գայ Տրդատ առաջինը` Գառնիի տաճարով ու յարակից կառոյցներով, որոնք կենդանի կոթողներ ու վկայութիւններ են եւ որոնք կրցած են դիմանալ ժամանակին ու յաղթահարել զայն:  Հապա որքա՞ն պէտք է գնահատել այն ներդրումը, որ չէ դիմացած ժամանակի թաթին դէմ: Շատ ու շատ յատկանշական է, որ Տրդատ առաջինը, որ Հռոմի դաշնակիցն էր,- ան 64 թուին հայկական բանակով մը մինչեւ Հռոմ գնաց, ներկայացաւ Ներոն կայսրին, թագ մըն ալ ստացաւ անկէ, արժանացաւ անոր ու անոր արքունիքի հիացումին` իր խելքով   եւ ֆիզիքական ուժով, ու շատ մեծ պատիւներով ալ վերադարձաւ Հայաստան,- իր` հռոմէացի ճարտարապետերու օգնութեամբ կառուցած Գառնիի տաճարին արձանագրութիւնները, որոնք ցուցադրելի են մինչեւ այսօր իւրաքանչիւր այցելուի, կատարեց յունարէնով, այո՛, յունարէնով: Բայց ինչո՞ւ զարմանալ. անոր դաշնակիցը`  տիեզերակալ Ներոնը, իր կարգին յունաբան մըն էր. ան յունարէն բանաստեղծութիւններ կը գրէր,- լատիներէնը անարժան կը գտնէր նման ստեղծագործութեան համար,-  հրապարակաւ կ՛արտասանէր զանոնք, կ՛եղանակաւորէր ու քնարի կամ փանդիռի ընկերակցութեամբ կ՛երգէր բեմերու վրայ: Հռովմէական կայսրութեան այս ամենաարտասովոր գահակալը` էր միաժամանակ  ամենավիպապաշտն ու հովուերգականը. ան իր այս յատկութեամբ կը յիշեցնէ  մեր Տիգրան Մեծը, բայց նաեւ Օգոստոսը, Կոստանդիանոսը, Պետրոս Մեծը ու Փռուսիոյ Ֆրետերիք  առաջինը:  Յուլիոս Կեսար իր կարգին յունարէնով սիրեց Եգիպտոսի 16-ամեայ Կղէոպատրան, որ յոյն  թագուհի մըն էր,   նոյնը իրմէ ետք ըրաւ   Անտոնիոսն ալ: Յունարէն գրուեցան Հին կտակարանի վերջին ու Նոր կտակարանի բոլոր գիրքերը, Աղեքսանդրիոյ համալսարանի ուսուցողական պաշտօնական լեզուն յունարէնն էր` հակառակ անոր, որ ինքը` Աղեքսանդրիան, հռոմէական ոստան էր:

Վերադառնալով Հայաստան` բոլոր փաստերը կան ենթադրելու համար, թէ Ագաթանգեղոսն ու Փաւստոս Բիւզանդը յոյն էին, որքան ալ մեր բանասէրները հազար դարձուածքներու դիմեն, թէ անոնք հայ էին: Գրիգոր Լուսաւորիչը ծագումով արշակունի պարթեւ էր, սակայն կրթութեամբ լրիւ  յոյն էր: Մեսրոպ յունական դպրոցի մէջ առաւ իր կրթութիւնը, իսկ Սահակ Պարթեւը իր ժամանակի մեծագոյն յունաբաններէն մէկն էր, չհաշուած  տակաւին` Եզնիկը, Եղիշէն, Խորենացին, Անյաղթը, Շիրակացին եւ ուրիշներ, որոնք Հայաստան աշխարհի խաւարը յունական մշակոյթի ջահով լուսաւորեցին:

*    *
*

Քիչ մըն ալ լեզուաբանութիւն:

Եթէ այսօր յոյնի մը հարցնէք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ  barbaros բառը, որ մտած է արեւմտեան գրեթէ բոլոր լեզուներուն մէջ, ու ոչ միայն արեւմտեան, այլեւ շատ ուրիշ լեզուներու մէջ եւ իր երկրո՛րդ իմաստով, ապա ան գլուխը պիտի քերէ, պահ մը կմկմայ ու  շփոթահար պատասխանէ, թէ` նման բառ չկայ իր մայրենի լեզուին մէջ. եւ իրաւունք ունի: Արդի յունարէնի մէջ փոխուած են  դասական յունարէնի բազմաթիւ հնչիւններ, որոնց մասին ոչինչ գիտէ միջին յոյնը. ասոնց  շարքին` b հնչիւնը դարձած է v (կը պատկերացնէ՞ք ժողովուրդ մը, որ ներկայիս չի կրնար այլեւս b արտասանել). ուրեմն` barbaros-ն ալ դարձած է նախ varvaros, այս վերջինն ալ կծկուելով տուած է varvar:

Ո՜ւր է barbaros-ը եւ ուր` varvar-ը:

2.  Փիլիսոփայ

Ոմանք միամտաբար կը կարծեն, թէ մեր այս բառը առած ենք յունարէնէն, ուր իրօք ալ կը գտնենք philasophos բառը, որուն առաջին արմատը կ՛արտայայտէ  սէր հասկացութիւնը, իսկ երկրորդը` իմաստ հասկացութիւնը, ուրեմն միասնաբար` իմաստասէր. ինչպէս կը նկատէք, ծուղակը այնքան լաւ լարուած է, որ դժուար թէ առանց  լեզուաբանական ծանօթութեան կարելի ըլլայ խուսափիլ անկէ, ինչո՞ւ,- որովհետեւ եթէ մերը յունական փոխառութիւն ըլլար,  ապա ան փիլիսոփոս պիտի հնչէր, քանի որ հայերէնը կը յարգէ յունարէնի os վերջաւորութիւնը, որ հայերէն ոս կու տայ. տեսանք արդէն barbaros-բարբարոս համապատասխանութիւնը, բայց նաեւ` կաթողիկոս, եպիսկոպոս, եպարքոս, եբենոս, լաբիւրինթոս, փարոս, տարտարոս, մարտիրոս հերետիկոս, նարդոս, հիւպատոս, սաղմոս, միմոս, ովկիանոս, տոկոս,   Պօղոս, Սօղոս, Օգոստոս եւ այլն: Մեր բառը առնուած է ասորերէնէ, ուր ան կ՛արտասանուի pilosopa՜: Հին ասորերէնը յունական բոլոր  os-երը դարձուցած է  a՜, որ երկար կ՛արտասանուի, այս պատճառով ալ անոր դիմաց հայերէնը դրած է այ (a՜=այ, որ սեմական ալեֆ հնչիւնն է): Իսկ ասորական  p-ին կը համապատասխանէ հայերէն փ, գոնէ ընդհանրապէս: Այս պարագային չմոռնամ ըսելու, որ ասորերէնն ալ հայերէնին պէս զուրկ էր  ph կամ ֆ հնչիւնէն ու տառէն, եւ յունական philasophos-ը Ե. դարուն կ՛արտասանէր ուղղակի pilosopa՜: Ասորերէնէ են նաեւ` աբեղայ, գուլպայ, լումայ, ծնծղայ, կաթսայ, շափիւղայ, շղթայ, շուկայ, շուշմայ, պողոտայ, սատանայ, տղայ, քահանայ եւ այլն:

3.- Պոռնիկ

Այս բառը իր կարգին կը թուի ըլլալ յունական փոխառութիւն, քանի կը համապատասխանէ յունարէն pornos հոմանիշին: Այս ենթադրութիւնը նմանապէս սխալ է, որովհետեւ յունական փոխառութեան պարագային, ինչպէս գիտենք արդէն,  պիտի ունենայինք հայերէն պոռնոս:  Մեր պոռնիկ-ը փոխառուած է պահլաւերէնէն, որ Միջին պարսկերէն ըսուածն է, կը կոչուի նաեւ Արշակունեաց պարսկերէն, ուր բառը pornik  է, իսկ իկ մասնիկը էապէս պահլաւական է. օրինակ` ամիկ, դժնիկ,   զառիկ, խափշիկ, խորտիկ, կապիկ, կօշիկճարպիկ, մահիկ, մշտիկ, շապիկ, շիրիկ, պայիկ, ռազմիկ, ռոճիկ, սիկ, տաճիկ, քաշիկ եւ այլն:

Հետեւաբար անոնց համար, որոնք բառային ստուգաբանութեամբ կը զբաղին, կրնանք բանաձեւել հնչիւնաբանական-տառադարձական  սա տարրական կանոնը. ուրեմն մեր փոխառութեանց մէջ ոս վերջաւորութիւնը պէտք է առաջին հերթին թելադրէ յունական ծագում, այ վերջաւորութիւնը` ասորական ծագում, իսկ իկ վերջաւորութիւնը` պահլաւական: Այս կանոնին նկատառումը կ՛ապահովէ առողջ մեկնարկ մը եւ  կրնայ կանխել բազմաթիւ զառածումներ:

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

[email protected]

Share this Article
CATEGORIES