ԹԱՔՆՈՒԱԾ ԿԱՄ ՀԱՒԱՏԱՓՈԽ ՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ
«Ալլահու աքպար, կ՛ըսեմ, բայց Քրիստոսին կը դիմեմ: Աստուած կը լսէ աղօթքներս: Այս կու գայ իմ ամենախորունկ էութենէս: Այս աղօթքները իմ գաղտնիքն են»:
Այս խօսքերով կը պատասխանէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող եւ իր հայկական ծագումը թաքցնող կինը, Ֆրանս 24 հեռատեսիլի կայանի լրագրողին այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս ան իր հաւատքը կ՛արտայայտէ:
Որքան յուզիչ եւ տպաւորիչ են այս խօսքերը, որոնք անգամ մը եւս ցոյց կու տան Ցեղասպանութեան ողբերգական հետեւանքները մէկ կողմէն, իսկ միւս կողմէն` մեր ազգային ինքնագիտակցութեան ուժը, ինքնագիտակցում մը, որ միաձուլուած է քրիստոնէութեան հետ եւ կրնայ նոյնիսկ նման պայմաններու մէջ գոյատեւել, եւ երբ պէտք է ինքզինք արտայայտել: Ցեղին հառաչանքը կայ մէկ կողմէն այս խօսքերուն մէջ, իսկ միւս կողմէն ալ` դիմադրելու անոր աննկուն կամքը:
Անցեալները, երբ հայ մը այցելած է Կարսի Ս. Առաքելոց եկեղեցին, հոն մէկու մը հանդիպած է, որ նախ եւ առաջ «Մենք լաւ իսլամներ ենք» ըսելէ ետք, պատմած է, թէ ինչպէ՛ս վերջերս իր հայրը մահացած ժամանակ մերժած է, որ շէյխը իր վրան աղօթէ, այլ պարզապէս եւ ի զարմանս իր ընտանիքի անդամներուն` խաչակնքած է ու այդպէս` իր հոգին աւանդած, միայն այն ժամանակ բացայայտելով իր հայկական ինքնութիւնը:
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող թաքնուած հայերուն նիւթը յառաջ եկած է մանաւանդ վերջին մէկ-երկու տարիներուն: Ըստ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան, անոնց թիւը մօտաւորապէս եօթը հարիւր հազարի կը հասնի, ըստ Հրանդ Տինքին` մէկ միլիոնի, իսկ ըստ Անգարայի համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու փրոֆեսէօր Պասքըն Օրանին, Թուրքիոյ մէջ Անգարայէն սկսեալ եւ դէպի արեւելք ընտանիք մը չկայ, որուն մէջ հայկական արիւն չի հոսիր:
Թաքնուած հայերը կրնան շատ կարեւոր դեր խաղալ ապագային, որովհետեւ անոնք կրնան կարեւոր լծակ հանդիսանալ, երբ պատմական պահը գայ մեր ազգային երազներուն իրականացման: Մեր Ցեղասպանութեան ամէնէն ժխտական հետեւանքը, բացի մարդկային զոհերէն, հողի կորուստն է: Մինչ, օրինակ, հրեաներուն Ողջակիզումը իրենց պատմական հողերուն վրայ տեղի չէ ունեցած, մեր պարագային մենք կորսնցուցինք մեր հողերը: Մարդկային կորուստները որոշ չափով արդէն վերականգնած ենք, հողի կորուստն է, որ շատ աւելի դժուար է ետ առնել: Իրականին մէջ այս մէկ կէտը կրնայ աւելի կարեւոր գործօն ըլլալ, եթէ այսօր հիմքեր ուզենք ստեղծել ապագային աւելի հիմնաւորուած ձեւով փաստարկելու համար մեր իրաւունքները եւ փոխհատուցումը: Մեր պահանջատիրութեան թոյլ կողմը այն է, որ մինչեւ վերջերս կը կարծէինք, թէ ներկայութիւն չունինք մեր հողերուն վրայ, ահա այս պատճառով կարեւոր է, որ առիթը չկորսնցնենք եւ աշխատինք կարելիին չափ թաքնուած հայերը եւ անոնց ընտանիքները բացայայտուած հայեր դարձնելու համար:
Այսօր մարդկային միտքը դեռ կը պայքարի հաւասարակշռելու համար սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքներու զիրար հակասող սկզբունքները: Այս վիճակը այսպէս չի կրնար շարունակուիլ: Աշխարհը կը փոխուի, պատմութիւնը իր անակնկալները ունի: Ո՞վ կրնար գուշակել ասկէ քսանհինգ տարիներ առաջ, որ Խորհրդային Միութիւնը պիտի փլուզուէր: Ո՞վ կրնար ասկէ դեռ տարի մը առաջ գուշակել, թէ արաբական աշխարհը նման փոփոխութիւններու կրնար ենթարկուիլ: Մարդկային բարոյական, հասարակական եւ քաղաքական միտքը դէպի այն ուղղութիւնը կ՛երթայ, երբ կանուխ թէ ուշ, միջազգային հարցերը լուծելու որպէս սկզբունք, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը առաջնային պիտի դառնայ: Օրինակ, ՄԱԿ-ի կողմէն պաշտօնականացած Քոսովոյի եւ Հարաւային Սուտանի անկախութիւնը, Աբխազիայի, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Արցախի փաստացի անկախութիւնը ու միջազգային կարեւոր կեդրոններու կողմէն լռելեայն համաձայնութիւնը: Միւս կողմէ` հեռու չէ այն օրը, երբ արեւմտեան աշխարհին հաւասար ուժ մը պիտի ձեւաւորուի ու այլեւս աշխարհը պիտի չըլլայ միակեդրոն: Ասոր կարեւոր մէկ նախանշանը տեսանք վերջերս, երբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ դէմ որոշում մը ընդունելու Արեւմուտքի նախաձեռնութիւնը չյաջողեցաւ Ռուսիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Պրազիլի դիմադրութեան պատճառով:
Պիտի գայ այն օրը, երբ Թուրքիան ալ ցնցումներու պիտի ենթարկուի, մանաւանդ` քիւրտերու հարցին պատճառով, որոնք շատ աւելի ազդեցիկ ու իրենց գործունէութեամբ շատ աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլան, քան` մինչեւ այսօր եղածները:
Ահա այդ օրուան մենք պատրաստ պէտք է ըլլանք, եւ պատրաստ ըլլալու ամէնէն կարեւոր ձեւերէն մէկը կրնայ ըլլալ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական զանգուածային ներկայութեան մը ապահովումը:
Ասոր համար կարեւոր է, որ այսօր ապագայի տեսիլքը ունենալով` չանտեսենք այս հարցը: Ասոր համար լաւ ուսումնասիրուած, լաւ ծրագրուած, լաւ ֆինանսաւորուած աշխատանքի մը անհրաժեշտութիւնը կայ, աշխատանք մը, որ պէտք է տարուի կարելի եղածին չափ առանց աղմուկի: Այս աշխատանքը դժուար կրնայ ըլլալ, այս աշխատանքը վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, բայց զայն պէտք է իրագործել, ինչպէս որ իրագործած ենք մեր ուրիշ ազգային կենսական ծրագիրներ: Բնական է, որ Թուրքիան պիտի փորձէ խանգարել նման աշխատանք մը, բայց պէտք է նկատի առնել, որ անոր խանգարելու կարելիութիւնները աւելի սահմանափակ են ներկայիս, քան առաջ, նկատի առնելով ժամանակակից կապի եւ լրատուական միջոցներուն լայն տարածումը եւ Թուրքիոյ աւելի թափանցիկ ու ժողովրդավարական երկիր մը ըլլալու ճիգը:
Միւս կողմէ, ինչպէ՞ս կարելի է անտարբեր մնալ թաքնուած հայերուն հոգիի կանչին, որքանո՞վ ճիշդ պիտի ըլլար չօժանդակել անոնց եւ անտեսել հետզհետէ անոնց աւելի համարձակ փափաքը` իրենց հայկական ինքնութիւնը արտայայտելու:
Յստակ է, որ նման ծրագիր մը մեծ դժուարութիւններու կրնայ հանդիպիլ, ոչ միայն արտաքին ճակատի վրայ, այլ նաեւ` ներքին: Տեսականօրէն կարելի է երազել իտէալական վիճակի մը մասին, երբ բոլոր թաքնուած հայերը պիտի ուզեն դարձի գալ, այսինքն` իսլամութենէն հրաժարիլ եւ քրիստոնեայ դառնալ: Կը կարծեմ, որ կարեւոր մէկ մասը այդ մէկը պիտի ուզէ ընել, բայց կարելիութիւնը կայ, որ ուրիշ մաս մը պիտի ուզէ, հայ կոչուելով հանդերձ, իսլամ մնալ: Ահա այս հարցը մեր ներքին կեանքին մէջ կրնայ տագնապ ստեղծել: Նման հարց մը առաւել զգայուն եւ փափուկ է նաեւ անձնապէս ինծի համար` որպէս հայ քրիստոնեայ հոգեւորականի:
Հարցին մակերեսային նայելով եւ արագ պատասխան մը տալէ անդին անցնելով` պէտք է զայն ուսումնասիրել, խորանալ, ներկայ ժամանակներուն առանձնայատկութիւնները նկատի առնել եւ միաժամանակ ապագայի ճիշդ տեսիլք ունենալով` որոշել մեր առաջնահերթութիւնները:
Ի՞նչ կացութիւն կրնայ ստեղծել հայ իսլամներու գոյութիւնը: Հայ հասկացողութիւնը խորունկ ձեւով մը միաձուլուած է քրիստոնէութեան հետ, հակառակ անոր որ ուրիշ հարց է, թէ որքանո՛վ իսկական քրիստոնեաներ ենք, բայց այս մէկը հեռու է այս յօդուածի նիւթէն: Նոյնիսկ կաթողիկէութիւնն ու բողոքականութիւնը մեծ դժուարութիւններով մեր մէջ մտած են եւ` հաստատուած, ալ ո՛ւր մնաց հայկական իսլամութիւն մը:
Հոս արժէ նշել քանի մը կէտեր.
1.- Նկատի պէտք է ունենալ, որ լաւագոյն պարագային թաքնուած հայերուն թիւը հաւանաբար մէկ միլիոնի կրնայ հասնիլ, որոնց կարեւոր մէկ մասը կրնայ ուզել դարձի գալ: Ասոր համար նախ եւ առաջ պէտք է ամէն ճիգ թափել բոլոր թաքնուած հայերը դարձի բերելու համար, եւ եթէ լուրջ դիմադրութիւն ըլլայ, այն ատեն միայն մտածել հայ իսլամներու հաւանականութեան մասին: Յօդուածին սկիզբը յիշատակուած երկու օրինակները ցոյց կու տան, որ թաքնուած հայերուն մէջ զօրաւոր է քրիստոնէութիւնն ու հայութիւնը որպէս անբաժանելի իրողութիւններ տեսնելու հասկացողութիւնը:
2.- Միշտ պէտք է նկատի ունենալ առ այժմ դարձի գալու մերժողներուն ապագային այդ մէկը ընելու կարելիութիւնը: Այս մէկը աւելի արագ կրնայ ըլլալ, եթէ լուրջ քարոզչական աշխատանք տարուի, նաեւ` եթէ համբերութիւն եւ հասկացողութիւն ցուցաբերենք անոնց հանդէպ, քրիստոնէաբար վերաբերինք ու վերէն չնայինք անոնց:
3.- Իսլամ հայերը հաւանաբար աւելի արագ պիտի աճին իրենց կրօնական հասկացողութեան պատճառով:
4.- Թուրքիան իսլամ հայերը որպէս հայ պիտի չընդունի` պատրուակ ունենալով օսմանեան օրերէն եկած «Էրմենի միլլեթ»ի օրէնքը, ուր պետութեան կողմէ հայութեան ճանաչումը տեղի ունեցած է քրիստոնէական համայնքներու հիման վրայ: Ասոր դիմաց` իսլամ հայերը աւելի քիչ դիմադրութիւն կրնան յառաջացնել, քան` քրիստոնեայ հայերը, հետեւաբար աւելի դիւրին կրնար ըլլալ այդ ուղղութեամբ աշխատիլը:
5.- Հայաստանի պետութիւնը հաւանաբար պիտի չուզէ մասնակցիլ նման ծրագիրի մը, եւ այդ մէկը, իրականացման պարագային, սփիւռքն է, որ պիտի իրագործէ:
6.- Հայ իսլամներ կան, ուզենք թէ չուզենք, եւ մենք չենք կրնար այդ մէկը արգիլել:
Ասոնք հարցեր են, որոնք առնչութիւն ունին հայ իսլամներու նիւթին հետ, բայց, միւս կողմէ, նկատի ունենալով վերը նշուած պատմական պահի առանձնայատկութիւնները, մանաւանդ պէտք եղած պահին մեր պատրաստ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, կը կարծեմ, որ այս հարցը պէտք է լրջօրէն ուսումնասիրուի եւ յարմար ու իմաստուն ձեւ մը գտնուի հնարաւոր հայ իսլամ համայնքի մը գոյութեան կարելիութեան համար:
Ոչ թէ որովհետեւ քրիստոնեայ հոգեւորական եմ, այլ ամբողջ էութեամբս կը հաւատամ, թէ ամենակատարեալ կրօնը քրիստոնէութիւնն է, պարզապէս այն պատճառով, որ ան, ի տարբերութիւն միւս կրօններուն, հիմնուած է ուղղակիօրէն Աստուծոյ կողմէ` Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:
Միւս կողմէ, կը հասկնամ սակայն, թէ կեանքին մէջ շատ յաճախ մեր ցանկութիւններն ու կարելիութիւնները իրարու չեն համապատասխաներ: Իրականութիւնները յաճախ ուրիշ են, քան` մեր պատկերացումները: Քաղաքականութիւնը, որոշ նպատակներու հասնելու համար, կարելի միջոցներ գտնելու արուեստն է: Իսկական քաղաքականութիւնը արդարութեան կը ձգտի, որ իր կարգին կը նպաստէ Աստուծոյ արքայութեան հաստատման` երկրին վրայ: Տեսիլք ունենալը, ապագային պատրաստ ըլլալը կարեւոր պայմաններ են ազգի մը գոյութեան եւ բարգաւաճման: Այն ազգը, որ այս որակը ցուցաբերած է, յաջողութիւններ արձանագրած է, իսկ այն ազգը, որ մերժած է այդ, ձախողութիւններ: Մենք երկու պարագայ ալ ունեցած ենք: Լաւ պիտի ըլլար, որ այսօր ճիշդ կողմնորոշուէինք եւ պատրաստուէինք պատմական պահին, որ կրնայ գալ մէկ անգամ, եւ որ փախցնելը կրնայ ունենալ շատ ժխտական հետեւանքներ:
ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՇԻԹԻԼԵԱՆ
Սփրինկֆիլտ, Միացեալ Նահանգներ