ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ` ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ – ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻ
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանին բացման մրցումը տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 7 օգոստոսին, երբ «Քոմիւնիթի Շիլտ» մրցաշարքին ծիրին մէջ, Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը` Եունայթըտ եւ Սիթի, կը ճակատին իրարու դէմ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
CATEGORIES Մարզական

