ՊՈՒՆՏԸՍԼԻԿԱՅԻ ՄԱՐԶԻՉՆԵՐԸ ՏԻՏՂՈՍԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԿԸ ՆԿԱՏԵՆ ՊԱՅԷՐՆ ՄԻՒՆԻԽԸ
Պունտըսլիկայի մարզիչները Գերմանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանին նախօրեակին տիտղոսի թեկնածու կը նկատեն Պայէրն Միւնիխը: Ախոյեանութիւնը կը սկսի այս շաբաթավերջին:
18 մարզիչներէն 16-ը նախապատուութիւնը կու տան պաւարիական կազմին, որ 2010-2011 տարեշրջանը աւարտեց Բ. դիրքին վրայ:
Նախորդ տարեշրջանի ախոյեան Պորուսիա Տորթմունտի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ կ՛ըսէ, որ նոր սկսելիք տարեշրջանին իր կազմը դժուար թէ կարենայ նախորդ տարեշրջանի իր յաջողութիւնը դարձեալ արձանագրել:
CATEGORIES Մարզական