ՓԱԹՕ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆԻ ՀԵՏ

Ալեքսանտր Փաթօ

Իտալական լրատու աղբիւրներու համաձայն, Ա. Սէ. Միլանի մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Ալեքսանտր Փաթօ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յայտնած է, որ ներկայ հանգրուանին չի պատրաստուիր իր ակումբը փոխել:

Վերջերս, կարգ մը տարաձայնութիւններու համաձայն, Փաթօ իր կազմը լքելով պիտի միանար Չելսիի` նկատի ունենալով, որ անգլիական ակումբը շատ մօտէն հետաքրքրուած էր Փաթոյով:

Սակայն Փաթօ շեշտեց ըսելով, որ ինք Ա. Սէ. Միլանը լքելու մասին չի մտածեր, որովհետեւ մինչեւ իր պայմանագրութեան աւարտը` 2014, պիտի մնայ անոր հետ:

Share this Article
CATEGORIES