ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՄԻՍ ՊՐԱԶԻԼ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՄԷՋ

Մանօ Մենեզես

Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբը յառաջիկայ ամիս պիտի կատարէ երկու բարեկամական մրցում, երկուքն ալ` Արժանթինի դէմ:

Առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 սեպտեմբերին` Պրազիլի մէջ, իսկ երկրորդը առաջին մրցումէն երկու շաբաթ ետք` Արժանթինի մէջ:

Պրազիլի մարզիչ Մանօ Մենեզես ըսաւ, որ այդ երկու մրցումներուն ալ նկատի պիտի առնէ այն մարզիկները, որոնք ցարդ ոչ մէկ անգամ կրած են ազգային խումբին շապիկը:

Սակայն ան աւելցուց ըսելով, որ 10 օգոստոսին Գերմանիոյ դէմ (Շթութկարթի մէջ) տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին զօրաւոր կազմով մը դաշտ պիտի ներկայանայ:

Յամենայն դէպս, Պրազիլի դէմ տեղի ունենալիք այդ երկու մրցումները Արժանթինի նոր մարզիչ Ալեխանտրօ Սապելլայի համար առաջին մրցումները պիտի չըլլան:

Արժանթին, որ ասիական շրջապտոյտ մը պիտի կատարէ, 2 սեպտեմբերին պիտի մրցի Վենեզուելայի դէմ, իսկ այս մրցումէն չորս օր ետք` Նիկերիոյ դէմ:

Այս երկու մրցումներուն ալ Արժանթինի «Օտար

մարզիկները նկատի առնուած պիտի ըլլան:

 

Share this Article
CATEGORIES