ՊԵՐԵԶՈՎՍՔԻ ԲԱՑԱԿԱՅ` ԼԻԹՈՒԱՆԻՈՅ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԷՆ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի որոշեց իր մասնակցութիւնը չբերել 10 օգոստոսին Լիթուանիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին` յաւելեալ ապաքինումի ենթարկուելու համար: Ան այս քայլին դիմելով կ՛ուզէ պատրաստ ըլլալ յառաջիկայ սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցումներուն:
37 տարեկան բերդապահը, որ Հայաստանի հետ կատարած է 65 միջազգային մրցում, շուրջ ամիս մը առաջ Երեւանի մէջ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան:
Խիմքիի (Ռուսիա) մաս կազմող Պերեզովսքի, վերջերս սկսաւ դաշտ ներկայանալ իր ակումբին կատարած մրցումներուն:
Առայժմ յստակ չէ, թէ ո՛վ պիտի փոխարինէ Պերեզովսքին` Քաունասի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին:
4 յունիսին Ռուսիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Եւրօ-2012) դաշտ ներկայացած Ստեփան Ղազարեան, որ նոյն այդ ամիսը ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, իր կարգին նոր վերադարձաւ դաշտ: Ան այժմ Բանանցի պահեստի բերդապահն է:
Հաւաքականին մէկ այլ բերդապահը` Գէորգ Գասպարով (Միքա), «Եուրափա Լիկ»ի զտումի մրցումներուն ունեցաւ լաւ ներկայացում մը:
Այլ թեկնածու մըն է նաեւ Ափուլա Պեթէն, որուն մասին սակայն այնքան ալ յստակ տեղեկութիւններ չկան այն մասին, թէ կրնայ կանչուիլ հաւաքական: