ԹԵՀՐԱՆԱՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻՆ ՈՒՐԲԱԹ, 12 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին «Արարատ» մարզաւանին մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական 5-րդ խաղերուն մասնակցելու նպատակով Թեհրանի հայոց թեմական խորհուրդին կողմէ կեանքի կոչուած յանձնախումբին եւ ենթայանձնախումբերուն միջեւ հանդիպումը:
Հանդիպման ընթացքին շարք մը այլ նիւթերու արծարծումին ընթացքին նշուեցաւ, որ ուրբաթ, 12 օգոստոսի առաւօտուն, թեհրանահայ մարզական պատուիրակութիւնը չորս հանրակառքերով «Արարատ» մարզաւանէն պիտի մեկնի Հայաստան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Համահայկական 5-րդ խաղերուն:
Թեհրանահայ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն 160 անձեր: Անոնց մէջ են մարզիկ- մարզիկուհիներ, մարզիչներ եւ պատասխանատուներ:
CATEGORIES Մարզական

