ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ ՄԸ ԼԱԿԱՐՏԻ ԴԷՄ ՔՐԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾ ՅԱՐՈՒՑԱԾ Է
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ֆրանսական դատարան մը որոշած է քրէական գործ յարուցել Դրամական միջազգային ֆոնտի նոր տնօրէն, Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախկին նախարար Քրիսթին Լակարտի դէմ:
Լակարտի շուրջ գոյութիւն ունին լիազօրութիւններու չարաշահման կասկածներ, մասնաւորաբար 1990-ական թուականներուն գործարար Պեռնար Թափիի եւ «Քրետի Լիոնէ» դրամատան միջեւ տեղի ունեցած դատական հոլովոյթին ժամանակ:
Լակարտի փաստաբանը յայտնած է, որ հետաքննութիւնը պիտի չխանգարէ Դրամական միջազգային ֆոնտին մէջ Լակարտի աշխատանքը:
Քրիսթին Լակարտ յուլիսին ստանձնեց Դրամական միջազգային ֆոնտի ղեկավարութիւնը: Անոր նախորդը` Տոմինիք Սթրոս-Քան հրաժարած էր իր շուրջ ծաւալած գայթակղութեան պատճառով:
CATEGORIES Միջազգային