ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ՈՒՆԻ ՆՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ վաւերացուցած է Զինուորական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին նշանակուած զինեալ ուժերու սպայակոյտի ղեկավար կազմի նոր անդամները:
Թրքական բանակի սպայակոյտի պետ նշանակուած է զօր. Նեճտեթ Էօզել, ցամաքային ուժերու հրամանատար` զօր. Հայրը Քըվրըքօղլու, ծովուժի հրամանատար` ծովակալ Էմին Մուրատ Պիլկել, օդուժի հրամանատար` զօր. Մեհմետ Էրթեն, ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերու հրամանատար` զօր.Պեքիր Քայոնճու:
Զօր. Նեճտեթ Էօզելի նշանակումը պէտք է նաեւ հաստատուի նախարարաց խորհուրդին կողմէ:
Զինուորական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին քննարկուած է նաեւ յեղաշրջումի «Պալիոզ» ծրագիրի շրջագիծին մէջ կալանաւորուած 14 զօրավարներուն հարցը: Որոշուած է այդ զօրավարներուն պաշտօնավարման ժամկէտը երկարաձգել մէկ տարիով: