ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ. ՔՈՆԿՐԵՍԸ ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍՊԱՌԱԾ ՆԿԱՏԵԼՈՒ ԻՐ ՎԵՐՋՆԱԺԱՄԿԷՏԻՆ

Իշխանութիւն - քոնկրես բանակցութիւններու երրորդ հանդիպումը

Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի եւ իշխանութեան ներկայացուցիչները երէկ մշակեցին յաջորդ հանդիպումներուն աշխատակարգը: Երկխօսութեան օրակարգին վրայ ներառուած երկու հարցերուն վերաբերեալ բովանդակային քննարկում տեղի չունեցաւ:

Հայ ազգային քոնկրեսի պատուիրակութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան իշխանութիւն – Հայ ազգային քոնկրես երրորդ հանդիպման աւարտէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ հանդիպումին մասնակիցները համաձայնած են սպառել առաջին հարցին քննարկումը, ապա անցնիլ երկրորդ հարցի քննարկման:

Հայ ազգային քոնկրես – իշխանութիւն երկխօսութեան օրակարգին վրայ երկու հարցեր ընդգրկուած են: Ընդդիմադիրները օրինական իշխանութեան շուտափոյթ ձեւաւորման նպատակով արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը դրած են, իսկ իշխանութիւնը` ընտրութիւններու պատշաճ կայացման նպատակով քաղաքակիրթ մրցակցութեան կանոններու ձեւաւորման խնդիրը:

Յաջորդ հանդիպման ընթացքին ժողովականները պիտի սկսին քննարկել ընդդիմութեան առաջարկած արտակարգ ընտրութիւններու հարցը:

Զուրաբեան նշեց, որ յաջորդ հանգրուանին ընթացքին Հայ ազգային քոնկրեսը պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ առաջարկները եւ հիմնաւորումները: Ըստ անոր, պէտք չէ այնպէս ընել, որ այդ հիմնաւորումներուն քննարկումը երկարատեւ եւ անվերջ հոլովոյթի մը վերածուի:

Հայ ազգային քոնկրեսը նախապէս յայտարարած է, որ եթէ մինչեւ սեպտեմբեր համաձայնութիւն չգոյանայ արտակարգ ընտրութիւններու կայացման շուրջ, առճակատում տեղի պիտի ունենայ: Զուրաբեան երէկ տեղեկացուց, որ հանդիպումին ընթացքին կրկին անդրադարձ եղած է բանակցութիւններու ժամկէտին շուրջ: «Դարձեալ մեզի ըսին` բայց եթէ պարզ ըլլայ, որ, ըսենք, 6 սեպտեմբերին մենք որոշ հանգուցալուծումներու յանգինք, արդեօք դուք 1 սեպտեմբերին դուրս պիտի գա՞ք բանակցութիւններէն: Մենք կրկնեցինք նոյն պատասխանը, ինչ որ տուած էինք առաջին հանգրուանի ժամանակ: Այսինքն` մենք երկխօսութեան կարելիութիւնը սպառած կը նկատենք, եթէ մինչեւ սեպտեմբեր արդիւնքներ չըլլան` բացառութեամբ այն պարագային, եթէ ըլլան այնպիսի համաձայնութիւններ, զորս մենք ժողովուրդին պիտի ներկայացնենք», նշեց Զուրաբեան:

Իշխանութեան աշխատանքային խումբի ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան յայտնեց, որ եթէ բանակցութիւններու մէկ կողմը վերջնաժամկէտներ ունի իրեն համար, մենք որեւէ վերջնաժամկէտ չունինք, բայց մենք հակուած ենք եռանդուն կերպով աշխատելու:

Երէկուան հանդիպման ընթացքին ընդդիմադիրները, ինչպէս աւելի կանուխ յայտարարած էին, իշխանութեան պատուիրակութեան ներկայացուցին քոնկրեսի վերջին հանրահաւաքի նախօրեակին մարդոց ազատ տեղաշարժին, ընդդիմադիր միաւորման համախոհներուն նկատմամբ կիրարկուած ճնշումներուն վերաբերող փաստեր: Այդ առիթով քոնկրեսը նաեւ տարածեց յայտարարութիւն մը` իշխանութիւններէն պահանջելով պատժել ապօրինութիւններ կատարած անձերը:

Քոնկրեսի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ համաձայնական կառավարութեան այսպիսի պահուածքը ծանր հարուած կը հասցնէ իշխանութիւններու վստահելիութեան, լուրջ համաձայնութիւններ ձեռք բերելու եւ կատարելու իշխանութեան կարողութեան, կը թունաւորէ երկխօսութեան շուրջ տիրող մթնոլորտը: Իշխանութեան այսպիսի կեցուածքը կը խորացնէ կասկածները, որ համաձայնական կառավարութիւնը իրականութեան մէջ զբաղած է երկխօսութեան պատրանքով:

Ներկայացնելով այդ յայտարարութիւնը` Լեւոն Զուրաբեան նշեց, որ հետեւողական պիտի ըլլան, որպէսզի գործադրուի մեղաւորները պատժելու իրենց պահանջը: Ան նաեւ չբացառեց, որ կրնան նաեւ դադրեցնել երկխօսութիւնը` եթէ տեսնեն, որ իշխանութիւնը լուրջ չէ տրամադրուած:

Զուրաբեան կարծիք յայտնեց, որ արդէն յաջորդ հանգրուանին իշխանութեան ներկայացուցիչները պէտք է ըսելիք ունենան:

 

Share this Article
CATEGORIES