ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՕՊԱՄԱՆ` ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` անոր ծննդեան տարեդարձին առիթով:

Ուղերձին մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի.

«Մեծարգո՛յ պարոն Նախագահ,

Ի սրտէ շնորհաւորում եմ ձեզ ծննդեան օրուայ կապակցութեամբ եւ մաղթում ձեզ եւ ձեր ընտանիքին երջանկութիւն, բարօրութիւն եւ ամենայն յաջողութիւններ:

Բարձր գնահատելով ձեր ջանքերը մեր երկրների միջեւ փոխշահաւէտ գործընկերութեան եւ բազմաբնոյթ համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ` վստահ կարելի է ասել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններն այսօր առաւել քան երբեւէ ամուր են:

Մեր ժողովուրդների միջեւ աւանդական ջերմ յարաբերութիւնները եւ պետութիւնների միջեւ յատկապէս վերջին շրջանում ընթացող բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնն ունեն հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման զգալի ներուժ: Մենք վճռական ենք խորացնելու եւ աւելի ամրապնդելու մեր երկրների միջեւ համակողմանի կապերը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներում:

Կրկին շնորհաւորելով ծննդեան օրուայ կապակցութեամբ` մաղթում եմ ձեզ անսպառ ուժ եւ կորով: Համոզուած եմ, որ Ամերիկայի բարեկամ ժողովրդին ծառայելու ձեր դժուարին աշխատանքում կ՛արձանագրուեն նորանոր յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ»:

 

Share this Article
CATEGORIES