ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԻ ՆԱԽԱԳԻԾԵՐ
Երկրորդ օրն ըլլալով խորհրդարանը երէկ շարունակեց օրէնսդրական իր քննարկումները` լսելէ ետք արծարծուած հարցերուն գծով երեսփոխաններուն թեր ու դէմ կարծիքները: Երկրին ընկերային եւ քաղաքական մարզերուն առնչուող առաջարկներուն քննարկումէն ետք, որոշուեցաւ մնացեալ նիւթերուն քննարկումը շարունակել յառաջիկայ չորեքշաբթի:
Հիմնականին մէջ որդեգրուեցան ու վաւերացուեցան հետեւեալ օրինագիծերը.
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած խորհրդակցութիւններէ եւ լսելէ ետք նախագիծին հիմնաւորումները, խորհրդարանը վաւերացուց ծովային սահմաններու ճշդումի օրինագիծը, որ վաւերացուած էր կառավարութեան վերջին նիստին:
Նմանապէս, խորհրդարանը երէկ վաւերացուց «Պատուոյ ոճիր» բանաձեւումով ծանօթ թիւ 562 օրէնքին ջնջումը:
Միւս կողմէ, սակայն, ժողովականները ետ մղեցին բանտարկութեան տարին 9 ամիսով փոխարինելու օրինագիծը:
Խորհրդարանի երէկուան օրէնսդրական ընդհանուր ժողովին նաեւ վաւերացուեցաւ պետական մարզի դպրոցներու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներուն արտակարգ յաւելում տալու օրինագիծը:


