ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մարդուժը ազգի մը, ընկերութեան մը ներքին ուժականութեան, ստեղծագործ ոգիի ու փայլուն ապագայի տեսիլքն է: Հայ սփիւռքը հարուստ է իր մարդուժով: Սակայն, սփիւռքի մարդուժին ամբողջական պատկերը տակաւին չունինք: Ահա այս աշխատանքին լծուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութիւնը եւ քաջալերանքը վայելող այս ծրագիրին նպատակն է տեղեկութիւններ հաւաքել սփիւռքի մեր գաղութներուն մէջ գործող ազգայիններուն (մտաւորականներ, ուսուցիչներ, փաստաբաններ, համալսարանի դասախօսներ, գիտական մասնագիտութեանց տէր անձեր, հասարակական գործիչներ, եւ այլն) մասին: Այս ծրագիրը կը նկատենք խիստ կարեւոր եւ անյետաձգելի: Հետեւաբար, պիտի խնդրենք, որ անյապաղ լեցնէք հարցաթերթիկը (http://www.armeniancatholicosate.org/signup.php) եւ ուղարկէք մեզի: Գործնական պատճառներով այս հարցաթերթիկը պիտի ըլլայ անգլերէնով:
Պիտի թելադրենք, որ սոյն հարցաթերթիկը նաեւ ուղարկէք ձեր բարեկամներուն, որպէսզի առաւելագոյն չափով տարածում գտնէ այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը:
ԴԻՒԱՆ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ