ՄԵՔՍԻՔԱՅԻ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՔԼԻՆՍՄԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԸ
Յառաջիկայ 10 օգոստոսին ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներ Ֆիլատելֆիոյ մէջ պիտի հիւրընկալեն Մեքսիքան:
Ամերիկացիներուն նոր մարզիչը` գերմանացի Եիւրկըն Քլինսման, որ հրապարակեց 22 մարզիկէ բաղկացած իր կազմը, նկատի առաւ երիտասարդ, միեւնոյն ժամանակ ալ փորձառու մարզիկներ:
Նկատի առնուած մարզիկներուն շարքին է Լոս Անճելըս Կալաքսիի յառաջապահ Լենտըն Տոնովան, որ իր երկրի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 146 մրցումի ընթացքին նշանակած է 46 կոլ:
Ան միակ մարզիկն է, որ նախապէս գործակցած է Քլինսմանի հետ, երբ ան 2009-ին փոխ տրուած էր Պայէրն Միւնիխի:
Նկատի առնուած մարզիկներէն է Հանովըր-96-ի խմբապետ Սթիւ Շերունտոլօ, որ վերջերս կը բացակայէր իր կազմին կատարած մրցումներէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Իր խօսքին մէջ Քլինսման ըսաւ, որ պիտի փորձէ լաւագոյն կազմը պատրաստել եւ ընտրել յարմարագոյնները, որպէսզի յաջողի զօրաւոր հիմնական կազմ մը յառաջացնել:


