ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
– ԿԻՊՐՈՍԻ նախագահ Տմիթրիս Խրիսթոֆիաս յայտարարեց կազմութիւնը կիպրական նոր կառավարութեան, որուն մէջ ելեւմուտքի նախարար նշանակուած է տնտեսագէտ Քիքիս Քազամիաս: Քազամիաս անդամ է Եւրոպական Միութեան ելեւմտական հաշիւներու յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ նախկին նախագահ Թասոս Փափատոփուլոսի կառավարութեան մէջ նախարարական պաշտօններ վարած է:
– ԸՍՏ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին, իսրայէլեան օդուժին պատկանող ռմբաձիգներ Կազայի մէջ երեք փապուղիներ հարուածեցին` հակադարձելով հինգշաբթի գիշեր հարաւային Իսրայէլի Լախիշ շրջանին վրայ արձակուած «Կրատ» տիպի հրթիռի մը: Պաղեստինեան աղբիւրները նշեցին, որ յարձակումի ենթարկուած են Տէյր Պալահի մէջ պաղեստինեան կազմակերպութեան մը մարզումի վայրը եւ հարաւային Կազայի մէջ երկու այլ թիրախներ: Յարձակումները զոհեր չեն պատճառած:
– ԻՍՐԱՅԷԼԻ մէջ սղաճի դէմ բողոքի ցոյցերու ղեկավարները կոչ ուղղեցին Թել Աւիւի մէջ այսօր գիշեր իրերայաջորդ երրորդ շաբաթն ըլլալով մեծ ցոյց մը կատարելու: Ուրբաթ օր աւելի քան տասը հազար մարդ մասնակցած էին աշխատաւորական «Հասթետրոթ» միութեան Թել Աւիւի կեդրոնատեղիին առջեւ կազմակերպուած հաւաքին:
ՍՊԻՏԱԿ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերու Իրաքէն տունդարձի գործողութեան մէջ որեւէ ուշացում չկայ` աւելցնելով, որ Իրաքի հետ ապահովական համաձայնութեան հիմամբ եւ մինչեւ տարեվերջ ամերիկեան բոլոր ուժերուն հեռացման առաջնորդող գործողութիւնը կը շարունակուի: