ԱԶԻՄՈՎ – ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:
Դռնփակ հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները: Առայժմ քննարկուած այլ նիւթերու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր:
CATEGORIES Միջազգային


