ԱԼԻԵՒ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՀՐԱՒԷՐՈՎ ՍՈՉԻ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ
Քրեմլինի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ աշխատանքային այցելութեամբ Սոչի պիտի մեկնի:
Ալիեւի այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 9 օգոստոսին` Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով: Առայժմ Մետվետեւ-Ալիեւ հանդիպումին ընթացքին քննարկուելիք նիւթերուն մասին ոչինչ կը հաղորդուի:
CATEGORIES Միջազգային