ՕՊԱՄԱ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՄՈՒՏՔԸ ԱՐԳԻԼԵՑ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա մարդկային իրաւանց ոտնահարման, ցեղասպանութիւններու եւ զինուորական յանցանքներու հետ առնչուած անձերու Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլած է եւ որոշած է «չարագործութիւններու կանխարգիլման միջգերատեսչական աշխատանքային խումբ» ստեղծել:
Օպամայի կողմէ ստորագրուած եւ Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «այդ անձերուն Միացեալ Նահանգներ մուտքը կրնայ վնասել մեր երկրի շահերուն: Երկիր մուտք գործելու արգելքը կը վերաբերի բոլոր այն անձերուն, որոնք ծրագրած, հրամայած կամ օգնած են բռնութեան զանգուածային գործողութիւններ կատարել քաղաքային բնակչութեան դէմ` ցեղային, սեռային պատկանելիութեան, սեռական կողմնորոշման, որոշակի ընկերային կամ ազգային պատկանելիութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական տեսակէտներու պատճառով»:
Նախագահ Օպամա Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը լիազօրած է որոշելու այս կամ այն անձերուն «անբաղձալիութեան» աստիճանը եւ պարտաւորեցուցած է զինք հետեւելու հրամանագիրի գործադրութեան ընթացքին:
Օպամա նաեւ փոխնախագահին, ելեւմուտքի, արդարադատութեան, պաշտպանութեան, ներքին գործոց նախարարներուն եւ արտաքին գործոց նախարարութեան յանձնարարած է համապարփակ հետազօտութիւններ կատարելու եւ «զանգուածային չարագործութիւնները Միացեալ Նահանգներու կողմէ կանխարգիլելու» ուղիներ փնտռելու վերաբերեալ:
Այդ հետազօտութիւնը պիտի կատարուի ցեղասպանութեան կանխարգիլման խմբակի համանախագահներ` նախկին արտաքին գործոց նախարարներ Մատլեն Օլպրայթի եւ Ուիլիըմ Քոհենի առաջարկներուն հիմամբ: Այդ խմբակը ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մըն է, որ հիմնադրուած է Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան հիմնարկին եւ Ողջակիզումի ամերիկեան թանգարանին աջակցութեամբ:
Նախագահ Օպամա մարդկային իրաւանց ոտնահարման եւ ցեղասպանութեան հետ կապ ունեցող անձերուն Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելը արգիլելու մասին որոշումը տուած է վերջերս հրապարակուած Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան ծիրին մէջ: