ՀՅԴ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ

ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական համահայկական 11-րդ բանակումին մասնակիցները երէկ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք, անոնք այցելեցին նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ: Յունաստանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Իրանէն եւ այլ երկիրներէ ժամանած սփիւռքահայ դաշնակցական երիտասարդներէն շատեր Ցեղասպանութեան մասին պատմութիւններ լսած են իրենց ծնողներէն: Երէկ արդէն անոնք տեսան այդ մասին խօսող փաստաթուղթեր եւ նկարներ: Երիտասարդները կը հաւատան, որ պէտք է պահանջատէր ըլլալ եւ «Միասնական հայութիւն. ամբողջական նուիրում. հզօր հայրենիք» կարգախօսով առաջնորդուելով` պատրաստ են պայքարելու Հայ դատի արդար լուծման համար:

«Ամէն անգամ, երբ կը տեսնեմ փաստերը, նկարները, ուղղակի կը զգամ, որ պէտք չէ մեր ձեռքերը ծալած նստինք: Այսքան փաստ, այսքան տեղեկութիւն եւ այսքան աշխատանք կայ, զոր մենք տակաւին պէտք է կատարենք», յայտնեց բանակումի մասնակից Սաթօ Ղազարեան:

«Կը մտածեմ, թէ ինչո՛վ կրնամ օգնել եւ Հայ դատի լուծման ճամբուն փոքր դեր ունենալ, կարենալ օգնել: Կը մտածեմ` 1.5 միլիոն հայեր սպաննուեցան յանուն ինչի՞: Պէտք է իրենց յուշը միշտ սրտիս մէջ վառ պահեմ, յիշատակը յարգեմ», նշեց Անի Քարամեան:

 

Share this Article
CATEGORIES