ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ. «ՕՊԱՄԱՅԻ ԽՕՍՔԸ ՉԻ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆԵՐ ԳՈՐԾԻՆ»
Սպիտակ տունը երէկ հրապարակեց «Զանգուածային ջարդերու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները», որուն նպատակն է հիմքեր ստեղծել Զանգուածային ջարդերու եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար:
ՀՅԴ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը յայտարարութիւն մը հրապարակեց այդ առնչութեամբ: Գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներու ժառանգները կ՛ողջունեն հետագային ցեղասպանութիւնները կանխելու ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահին նոր ջանքերը:
Սակայն, ըստ Համբարեանի, նախագահ Օպամայի խօսքը գործին չի համապատասխաներ:
Հայ դատի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Օպամայի վարչակազմը, ինչպէս նաեւ իր նախորդները, ձախողեցուցած է Ցեղասպանութեան հաստատումը, եւ կառավարութիւնը իր գործողութիւններուն մէջ բաւարար բարոյականութիւն չէ դրսեւորած այդ հարցին շուրջ:


