«ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ ԴԱՍԵՐ ՔԱՂԱԾ ԵՆ ՌՈՒՍ-ՎՐԱՑԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ՄԵՏՎԵՏԵՒ

Տմիթրի Մետվետեւ

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ ռուսական «Առ.Թի.» եւ վրացական պատկերասփիւռի կայաններուն, ինչպէս նաեւ «Էխօ Մոսքվի» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները լուրջ դասեր քաղած են օգոստոս 2008-ին տեղի ունեցած ռուս-վրացական պատերազմէն:

Լրագրողները հարցազրոյցին ընթացքին Ռուսիոյ նախագահին հարցումներ ուղղած են մասնաւորաբար ռուս-վրացական հնգօրեայ պատերազմի հետեւանքներուն, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ, ռուս-վրացական յարաբերութիւններու հետագայ ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապին մասին:

Ի պատասխան լրագրողի մը այն հարցումին, թէ «դուք` Տմիթրի Անաթոլեւիչ, ուղղակի կերպով ներգրաւուած էք ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ: Խորհրդակցութեանց ինը նիստ. եւ ոչինչ: Կ՛երեւի, որ վերջին նիստն ալ ոչինչ տուաւ: Ես կը մտածեմ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ինչպէ՞ս կը նային Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ պատմութեան: Ի՞նչ պէտք է ընեն այդ երկու երկիրները, վերադարձնե՞ն շրջանները» Մետվետեւ ըսած է. «Շատ լաւ հարցում է: Գիտէ՞ք, երբ ատիկա տեղի ունեցաւ, երկու երկիրներու ղեկավարները եղան այստեղ` Սոչիի մէջ: Գիտէ՞ք` անոնք ինչ ըսին: Ըսին. «Վատ է, ի հարկէ, ատիկա Կովկասի համար ծանր բան է»: Ես կ՛ըսեմ. «Շատ մօտ է»: «Սակայն դուք գիտէք, որ ատիկա մեզի համար որոշակի դաս է, որ աւելի լաւ է անընդհատ բանակցիլ այն հարցին շուրջ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը, այնտեղ հանրաքուէ պիտի կատարուի, ինչպէս  պատրաստել խաղաղութեան համաձայնագիրը, քան այդ պատերազմական հինգ օրերը անցընելը»: Ատիկա անոնց համար շատ լուրջ դաս եղաւ»:

Մետվետեւ յայտնեց, որ Ռուսիա մտադիր չէ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամակցիլ` այդ անդամակցութեան դիմաց վճարելով վրացական յարձակումէն ետք ձեւաւորուած քաղաքական իրողութիւններու փոփոխութիւններով: Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծեց, որ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամակցելու շուրջ բանակցութիւններուն մէջ Վրաստանի կողմէ Ռուսիոյ նկատմամբ պահանջներ չդնելը կրնայ հանգրուանային քայլ ըլլալ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական, իսկ ապագային նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման առումով:

Ան նշեց, որ Ռուսիա պատրաստ է ելեկտրոնային տեսքով տրամադրելու Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ տարածքով բեռներու փոխադրման վերաբերեալ բոլոր փաստաթուղթերը, ինչի շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Զուիցերիոյ նախագահին հետ, եւ այս նոյն նիւթը քննարկուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ:

Մետվետեւ յոյս յայտնեց, որ Թիֆլիսի հետ նոր տագնապներ չըլլան, նոյնիսկ «լաւ դաս ստացած» Սահակաշվիլիի իշխանութեան օրով: Ըստ Մետվետեւի, Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի պէտք է կանգնի միջազգային դատարանի առջեւ:

Անդրադառնալով Հարաւային Օսեթիոյ մէջ Վրաստանի կողմէ կատարուած գործողութիւններուն` Մետվետեւ յայտնեց, որ «ես կը նկատեմ, որ ատիկա միջազգային իրաւունքի կոպիտ ոտնահարում է: Սակայն հաշուի առնելով այն, որ այդ հարցին մէջ միայն Ռուսիոյ դիրքորոշումը բաւարար չէ, կը կարծեմ, որ այս պահուս միջազգային դատարանի ստեղծումը անկարելի է»:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ ներկայիս Ռուսիոյ կազմին մէջ Հարաւային Օսեթիոյ ընդգրկուելու ո՛չ իրաւական, ո՛չ ալ փաստացի նախադրեալներ կան, ինչի պատճառով ալ ան ստորագրած է այդ տարածքներուն անկախութեան ճանաչման հրամանագիրը:

 

Share this Article
CATEGORIES