«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»Ի ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼՈՎ. ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՃԵԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐՈՒԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ
Պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան երէկ կոչ ուղղեց լիբանանահայ երիտասարդութեան զինուորագրուելու` Լիբանանեան բանակին մէջ ծառայելու նպատակով:
Բանակի տօնին առիթով «Վանայ Ձայն»ի արաբերէն բաժինի խօսնակի հարցումներուն պատասխանելով` նախարար Մանճեան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակի վարկն ու դերը այս հայրենիքի գոյատեւման մէջ:
Այս առիթով նախարար Մանճեան լուսաբանական բացատրութիւններ տուաւ բանակին մէջ զինուորագրելու պայմաններուն եւ կարելիութեանց մասին, ըստ իւրաքանչիւր թեկնածուի տուեալներուն` կրթական, առողջական թէ ընկերային առումով:
CATEGORIES Լիբանանեան