ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆՑ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԾՐԱԳԻՐ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարներ Կապի Լայեուն եւ Ֆատի Ապպուտ երէկ այցելեցին Այնճար, ուր դիմաւորուեցան պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի եւ շրջանի ազգային-կուսակցական պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Նախարար Մանճեանի կողքին մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարները դիմաւորողներու շարքին էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Լիբանանեան հնագիտական վայրերու այցելութեանց ծիրին մէջ կայացած այս հանդիպումին, նախարարները Այնճարի բերդին մէջ քննարկեցին այս վայրի վերածաղկման ճիգերուն աշխուժացման կարելիութիւնը: Այս ծիրին մէջ արծարծուեցաւ Այնճարի մէջ հայկական միջազգային փառատօն մը կազմակերպելու կարելիութիւնը: Մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն պահանջեց հայկական ու լիբանանեան դրոշմներուն միջաձուլումը: Իր կարգին, զբօսաշրջիկութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ կոչ ուղղեց հայ եւ լիբանանցի երիտասարդութեան` այցելելու Այնճարի բերդ: Ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց զբօսաշրջութեան ծաղկեցման քաղաքական ծրագրումի չգոյութեան եւ ծրագիրներու կիրարկման պիւտճէի անբաւարարութեան գծով:

Նախարարական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Զահլէի, Ֆրզոլի եւ Նիհայի հնագիտական վայրերը, ինչպէս նաեւ շրջեցաւ Պարտաունիի ձորի ճաշարաններուն մէջ` մօտէն հետեւելու համար տիրող կացութեան:

Share this Article
CATEGORIES