ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
Լիբանանեան թէ արաբական թերթեր երէկ առաւելաբար կեդրոնացան շրջանային, յատկապէս Սուրիոյ վերջին դէպքերուն վրայ` լուսարձակի տակ առնելով առնչակից շրջանային կողմերու, ինչպէս` Թուրքիոյ տեսակէտները:
Լիբանանեան թերթերը նաեւ լրատուական ակնարկով անդրադարձան նախարար Վրէժ Սապունճեանի տեսակցութեան` սիմենթի լիբանանեան եւ գերմանական պատուիրակութեանց հետ:
Իսկ վերլուծական յօդուածներով հետեւեալ թերթերը արձագանգեցին տեղական թէ շրջանային գլխաւոր իրադարձութեանց:
«ՆԱՀԱՐ»
– Թուրքիոյ ակնարկող յօդուածով մը` Ապտել Հատի Մահֆուզ բաղդատական մը կ՛ընէ սալաֆականներու, Քայիտայի ու Իսլամ եղբայրներու միջեւ, եւ արաբական յեղափոխութեանց հետ անոնց առնչակցութեան մասին:
– Իր մշակութային էջով «Նահար» կ՛անդրադառնայ Նոպելեան մրցանակագիր թուրք գրագէտ Օրհան Փամուքի գրական մէկ նոր գործին` գրելով. «Օրհան Փամուք կը դասախօսէ գիրքի ընդմէջէն»:
«ՍԱՖԻՐ»
– Թուրքիա եւ քրտական մղջձաւանջը… սուրիական դէպքերուն գծով» խորագրեալ յօդուածով, լիբանանցի թրքագէտ դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին կը վերլուծէ Թուրքիոյ կեցուածքը սուրիական դէպքերուն գծով:
– Պաղեստինցի լրագրող Սամի Քլէյպ նոյնպէս կը վերլուծէ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները` «Սուրիոյ զինեալներն ու Ռուսիոյ կեցուածքը» խորագրեալ յօդուածով: Յօդուածին մէջ կ՛ակնարկուի նաեւ Թուրքիոյ կեցուածքներուն:
– Իրացքի քաղաքական վերլուծաբան` Թարեք Տլէյմի Թուրքիոյ ակնարկող յօդուածով կ՛անդրադառնայ Իրաքի այժմու կացութեան` «Իրաքի ամերիկեան գրաւումը, մեկնում կամ «Քոնտոմինիոմ»ի պատերազմ» խորագիրով:
«ԼԻՈՒԱ»
– «Սուրիական փոփոխութիւնը մեքսիքակա՞ն, թէ` թրքական ոճով», հարց կու տայ պաղեստինցի գրող-հետախուզող Մաամուն Քիուան:
«ՏԻԱՐ»
– «Սիրտը Էհտենի մէջ, աչքը ձմրան` Պաապտայի, իսկ ամրան` Պէյթէտտինի վրայ», խորագիրով Իսքանտար Շահին կը վերլուծէ երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի մօտեցումը տեղական թէ շրջանային իրադարձութիւններուն գծով:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»
– «Թուրքիա եւ նոր օսմանականութեան երազը» խորագիրով Էմիր Թահիրի կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ իրավիճակին:
– «Էրտողան եւ բանակը… հրամանը իմս է» խորագիրով լիբանանցի գրող Սուէր Ապպաս կը վերլուծէ Թուրքիոյ ներքին վիճակը:
«ՊԱԼԱՏ»
– Այս թերթը իր արաբերէն եւ ֆրանսերէն տարբերակներով կը հրատարակէ իր լրագրողներէն Նիքոլա Ազարի ունեցած հարցազրոյցը «Էհտենիաթ» փառատօնին մասնակցելու համար Պէյրութ ժամանած ֆրանսացի երգիչ Էլեն Սեկարայի հետ: Այս առիթով ֆրանսացի արուեստագէտ երգիչը կը բացայայտէ իր հայկական ծագումը` մօրը կողմէ:
«ԱԽՊԱՐ»
«Ճերմակ ծուխ Անգարայի մէջ». Արգելափակեալ սպաներուն պաշտօնի բարձրացում չկայ» խորագիրով Էրնեսթ Խուրի կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ վերջին իրադարձութեանց:
«ՇԱՐՔ»
– «Բանակի հրամանատարը կ՛ընդունի թրքական զինուորական կցորդը» խորագիրով լրատուութեամբ «Շարք» օրաթերթը կ՛անդրադառնայ թուրք զինուորականին տուած հրաժեշտի այցելութեան` լիբանանցի պատասխանատուներուն:
Այս լուրը տուած են նաեւ այլ թերթեր:
«Հայեացք` Ռամատանին» խորագիրով «Շարք» կ՛անդրադառնայ իսլամական այս տօնական ամսուան վերաբերող կարգ մը սովորութեանց եւ զրոյցներուն, որոնց կարգին` օսմանեան շրջանին պատահած դէպքի մը: