ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔ. – ԲՌՆԱԿԱԼ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՂԸ, ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂԸ ԵՒ… ՀԱԼԱԾՈՂԸ

Ի տես արաբական աշխարհի բռնկումին եւ եռքին, տիրող վարչակարգերու դէմ յեղաշրջումներու ու տապալումներու փորձերուն, որոնք անխուսափելիօրէն իրականութիւն կը դառնան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Արեւմուտքը, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը եւ ՕԹԱՆ-ը, անմիջապէս ինքզինքնին հռչակեցին… ոստիկանապետեր` խաղաղապաշտի, միջնորդի կամ փրկարարի պատմուճաններով:

Իւրաքանչիւրը, իր հայեացքով ու գնահատումով, նախանձախնդրութեամբ ու հոգատարութեամբ, «շան քարոզ» կու տայ, յորդոր կը կարդայ, ուղղութիւն կը յուշէ արաբական երկիրներու վարչակարգերուն ու ղեկավարներուն:

Ասկէ աւելի զաւեշտական ու զազրելի վերաբերմունք կարելի՞ է երեւակայել:

Ասկէ աւելի վիրաւորական ու վարկաբեկող արտայայտութիւն կարելի՞ է պատկերացնել:

Կրնանք այս շարքը երկարել, այնքան ատեն որ այդ «արտաքին ուժեր»ը յամառօրէն կը փորձեն դարպասել արաբական աշխարհը, նուաճել զայն ամէն տեսակի տխուր դերակատարութիւններով, երկդիմի միջամտութիւններով ու պառակտիչ արկածախնդրութիւններով:

Անգամի մը համար ակնարկ նետենք այն իրադարձութիւններուն վրայ, որոնք կարգ մը երկիրներ ենթարկեցին (ու կ՛ենթարկեն) ցնցումներու, արմատական տեղաշարժերու, հիմնական անկումներու, ու` ի՞նչ կը տեսնենք.

ա. Ամերիկամէտ կամ արեւմտասէր վարչակարգերու փլուզումներ, մանաւանդ անոնք, որոնք իրենց ակունքներէն հեռանալու, արաբականութեան դաւաճանելու կամ միասնականութեան օղակները խախտելու գնով իրենց հարազատ ժողովուրդներուն ազգային ընտրութեան հակառակ ուղիները բռնեցին:

բ. Տապալելու դատապարտուած վարչակարգերու պարագլուխները, քանի մը տասնամեակ իրենց աթոռներուն «փակած» մնալէն ետք, իրենց զաւակները (մէկն ալ կնիկը) պատրաստեցին զիրենք յաջորդելու, կարծես թէ աւատապետական ժառանգութեան մենաշնորհ է:

գ. Աղքատութեան, անտիրութեան, գործազրկութեան եւ անորոշութեան մթնոլորտներու կուտակուած տագնապներ, որոնք ժողովուրդներու մեծ մասը հասցուցած էր «անասուն»ներէն աւելի զրկեալ ու շահագործուած դասերու:

դ. Խօսքի, գրիչի ու գործի ազատութեան կողմնակիցներուն նկատմամբ բռնատիրական ու հալածողական սեւ քաղաքականութիւն, բանտարկութեան եւ աքսորի ճամբով զանոնք մեկուսացնելով կամ լռեցնելով:

Ո՞ւր չկային (ու չկան) այս հակամարդկային ու հակաժողովրդավարական խախտումները` Եգիպտոսի՞, Թունուզի՞, Լիպի՞ոյ, Եմենի՞ (եւ տակաւին…) մէջ, որոնց նախագահները, մէկ-մէկ բռնակալներ, իրենց ժողովուրդին արիւնը ծծած էին, թշուառացուցած, զգետնած, ի հաճոյակատարութիւն արտաքին աշխարհի իրենց «պոս»երուն, ի սպաս իրենց եսերուն, առանձնաշնորհեալ զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, սակայն, միշտ ի հեճուկս իրենց ժողովուրդներու իրաւունքներու… յափշտակումին:

Մուպարաքը, Պըն Ալին, Սալեհը, Քազզաֆին (եւ շա՜տ ուրիշներ), միլիառներ թալանած-կողոպտած-դիզած այս տզրուկները, իրենց «գահընկէցութեա՞մբ» միայն պիտի բաւարարուին, ժողովուրդին սեփական գանձերը չվերադարձնելով ու չուելով… գրողին ծոցը:

Վստահաբար, ո՛չ, որովհետեւ անոնք (եւ իրենց նմանները) պէտք է ենթարկուին ժողովրդային դատաստանին` ի դէմս իրենց գործած չարաշահութիւններուն, աւազակութիւններուն, աւատապետութիւններու ու ոճրագործութիւններուն:

Սակայն այս արիւնարբուները ուրկէ՞ եկան, որո՞նց ծառայեցին, որոնցմէ՞ ուժ առին եւ ո՞ւր գտան իրենց հովանաւորները:

Գաղտնի՞ք են միթէ ասոնք, երբ Ուաշինկթընն է այս բոլորին գլուխ-գործոցը` իր տխրահռչակ արտաքին գործոց նախարարներով ու շրջուն գործակատարներով, որոնք «բացառիկ կարողութիւն»ը ունեցան արաբներուն միջեւ թշնամութեան որոմներ ցանելու, խառնակչութիւններ յառաջացնելու, գրգռութիւններ սերմանելու:

«Քամիլիոն»ի նման գոյն, ձեւ ու կերպարանք փոխող այս քաղաքականութեան հերոսները, այսօր մոռցած իրենց երէկուան դաշնակից-դրածոները, մունետիկներու նման կը խօսին կայունութիւն եւ ապահովութիւն, զսպուածութիւն ու խաղաղութիւն նշանաբաններէն:

Ի՞նչ եւ զո՞վ համոզելու համար, երբ գէթ Իրաքի պարագային, կը տեսնենք, թէ ի՜նչ դաժան ճակատագիրի ենթարկուեցաւ ան, ստայօդ ու վրանբաց զրպարտութիւններով, մոռնալով, որ Սատտամ Հիւսէյնը քաջալերող, հրահրող, զօրակցող ու զինող կողմը միշտ եղած էր նոյնինքն Ուաշինկթընը:

Լա՛ւ, ո՞վ դատի պիտի հրաւիրէ Իրաքը քանդող ու կողոպտող, ժողովուրդը սպաննող ու տարտղնող կողմերը` ներխուժող ուժերը, մանաւանդ որ այս վերջիններուն զաւակներն ալ զո՜ւր տեղ սպաննուեցան, իսկ անոնց ընտանիքներուն հատուցումները (անփոխարինելի թէ փոխարինելի) ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի տրուին:

Այս մատնանշումները կը կատարենք, երբ կը լսենք, կը տեսնենք ու կը կարդանք, որ ՄԱԿ-ը (Ապահովութեան խորհուրդը) կլոր սեղանի շուրջ հաւաքած է անդամներ` Լիպիոյ հարցը քննելու, որոշումներ կայացնելու եւ պատժամիջոցներ որդեգրելու (Քազզաֆիին եւ գործակիցներուն դէմ):

Բայց այս միջազգային կազմակերպութիւնը արդար եւ անխտրական պիտի ըլլար, եթէ օրի՛ն իր դիրքը ճշդէր, իր ճիպոտը ցոյց տար իսկական պատասխանատուներուն եւ ոչ թէ սպասէր այսօրուան, մանաւանդ երբ այդ կլոր սեղանին ետին կը գտնուէին կարգ մը երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնք այս աղէտները «մշակող»ներն են:

ՄԱԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնը եւ յարակից կազմակերպութիւններ իրենց ոստիկանութեան սլաքները թող ուղղեն այլուր, ուղղակի, իրենք իրենց, արաբ ժողովուրդին «տերտ»երը ձգելով արաբական աշխարհին*, փոխանակ միջամուխ ըլլալու անոնց ներքին տագնապներուն, աւելի խորացնելով վէրքերը, պարզապէս անոր համար, որ Միջին Արեւելքի իրերամերժութեան եւ անհաւասարակշռութեան պատճառները… իրենց են:

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Պէյրութ, 3 մարտ 2011

 

* Ցաւալի է, որ արաբական աշխարհի հարցերը «լուծող» Արաբական լիկան եւս անզօրացած է, անզօրացուցի՛ն: Այս ալ նոյն կողմերուն պարտադրած հերթական մէկ ողբերգութիւնն է:

Share this Article
CATEGORIES