ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ` ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԹԱԹԻԿԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՍԻՓԱՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ 80 ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐԵԱԼՆԵՐՈՒ
ՀՊԱՐՏԱՆՔԸ

Յաճախ կը պատահի, որ նախատրամադրուած ըլլալու իրողութեամբ ներկայ գտնուիս ձեռնարկի մը, որուն բնոյթն ու տարողութիւնը գէթ մասամբ պատկերուած ըլլան մտքի պաստառիդ վրայ:

Նման հոգեվիճակի յանձնուած ըլլալու մղումով տարբեր առիթներ եղած են, ուր, քիչ անգամ հեզահամբոյր եւ սնուցիչ հակառակի պահեր արձանագրուած ըլլան, երգի, պարի, նուագի, թատրոնի թէ ընդհանրապէս սովորական ձեռնարկի մը ընդմէջէն:

Ա՛լ ուր մնաց աշակերտական մակարդակի նախաձեռնութիւններու եւ կամ սիրողական արտայայտութիւններու ընթացքին տեսանելի երեւոյթներու առկայութիւնը:

Ի դէպ, ճիշդ է, որ «Սիփան» պարախումբի առաջին ելոյթը չէր մատուցուածը, այդուհանդերձ, տակաւին գերիշխող էին վերոյիշեալ մտքի թրթիռները:

Եւ, կը պատահէր անսպասելին, երբ հանդիսատեսը ինքզինք կը գտնէր ամբողջութեամբ հմայիչ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ` ի տես, հայ վարժարանի մը յարկին տակ հասակ նետած շրջանաւարտներու հոյլի մը, եւ տարբեր տարիքի պատկանող աշակերտներու փաղանգի մը, որոնք առանց մտմտուքի եւ անվախօրէն բեմի վրայ կը դրսեւորէին հայաբոյր եւ մշակութանուէր դաստիարակութեան մը զգացողութիւնը, հայկական ազգագրական պարերու ներկայացումով:

Արդարեւ, շաբաթ, 5 մարտ 2011-ի երեկոյեան, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ «Սիփան» պարախումբի ելոյթը զգեցաւ այնպիսի երանգ, որ ներկայ հանդիսատեսը յափշտակութեամբ ընդելուզուեցաւ ի տես պատուաբեր այս իրագործումին, որուն դերակատարները հայ դերատի պարման-պարմանուհիներ էին:

Պէտք է ընդգծել, թէ հակառակ աշակերտական մակարդակի պարախումբ մը ըլլալու իրականութեան, ութսուն աշակերտներու պարային ներդաշնակ ու հոգեգրաւ շարժուձեւերը, եղանակներու եւ երգերու հետ անոնց միախառնութիւնը բացայայտ կերպով տեսանելի էին, հայկական երաժշտութեան գոհարներու հմայքին կշռոյթին ներքեւ:

Չափազանցած չենք ըլլար յայտնելով, թէ աշակերտական եզակի ներկայացում մըն էր մատուցուածը, ուր իրենց ներդրումը բերած էին նաեւ այլ հանգամանքներ:


Այսպէս, իր էական եւ որոշադրիչ ներկայութեամբ` պարուսոյց Գարինա  Ալեքսանեանի ուղղակի հսկողութիւնն ու արհեստավարժ մօտեցումները պայծառ կերպով կը շողային բեմին վրայ, ուր մեծ ու պզտիկ պարողներ   սիրով եւ համարձակօրէն կը ցուցադրէին իրենց լաւագոյնը:

Այս առումով յայտագիրը յագեցած էր հայկական տոհմիկ պարերու փունջով մը: Տեղին է յայտնել, թէ ընթացքը արագ էր եւ ակնդիրին ուշադրութիւնը գրաւող: Անցումային պահերը`  ընդունելի եւ ոչ ձանձրացուցիչ:

Յայտնապէս զգալի էին պարողներու դիմագծային եռանդն ու տիրական ներկայութիւնը, յատկապէս` շրջանաւարտներու մօտ, որոնք, պարարուեստի իմաստով բաւական փորձառութիւնը արդէն վաստկած էին:

Խորքին մէջ պարային այս ներկայացումին ընթացքին իր առանձնակի նպաստը ունէր տարազներու գունազարդ եւ համահունչ պատկերը, ուր, գրեթէ իւրաքանչիւր պար ունէր իրեն համապատասխան տարազը` գեղեցիկ ու հմայիչ տեսքով, ներդաշնակ գոյներու համադրումով, վայելուչ ու առինքնող զարդերով եւ առհասարակ տարազի ամբողջական ընկալումով:

Իսկ կարգ մը պարողներու մօտ արդէն զգալի էին դէպի արհեստավարժութիւն տանող գիտակից վերաբերումներ, մանաւանդ հայկական աւանդական պարեղանակներու մատուցումով եւ հնչեղութեամբ:

Յիրաւի, հայ վարժարանի առաքելութեան ծիրին մէջ, հայ մշակոյթի ծանօթացման եւ ճանաչումին նպաստող յոյժ գնահատելի գործունէութեան մը տիպար ընկալումն էր մատուցուածը, որուն համար միշտ շնորհակալ են եղած հայ ծնողներ:

Վստահաբար, նման աշխատանքի յաջողութեան համար ո՛չ մէկ ճիգ խնայուած էր վարժարանի տնօրէնութեան, պարուսոյցին թէ բարերար անձերու կողմէ:

Յիշեցման կարգով տեղին է ընդգծել, թէ հայկական ջերմ մթնոլորտին ու  թելադրանքին ազդուութեան տակ,  խանդաղատանքի եւ գուրգուրանքի պատկեր մըն էր այն, երբ ելոյթի վերջին պարեղանակին իր մասնակցութիւնը կը բերէր պարուսոյցը, իր աշակերտներուն հետ միատեղ` իբրեւ ոգեւորութեան եւ սիրոյ բիւրեղ արտայայտութիւն:

Աւարտին, բացթողումներու շարադրանքէն ձերբազատ,  ինքնասրբագրումի կոչումը կը վերապահենք նոյնինքն պարուսոյցին եւ իր աշակերտութեան:

Յիրաւի, դէպի արհեստավարժութիւն տանող շնորհակալ ուղի մըն էր մատուցուածը` հայ մշակոյթի ծառայութեան կոչուած իրականութեամբ:

Բարի երթ:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES