ԹԵՆԻՍ. ԴԱՒԻԹ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՌՈՃԸՐԶ ՔԱՓ»Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ

Դաւիթ Նալպանտեան

Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան 8 – 15 օգոստոսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մոնրէալի (Քանատա) տեղի ունեցող թենիսի «Ռոճըրզ Քափ»ի միջազգային մրցաշարքին:

Ա. հանգրուանի մրցումներուն Նալպանտեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ զուիցերիացի Սթանիսլաւ Վաւրինքա: Անոնք 9-րդ անգամ ըլլալով իրարու դէմ յանդիման կու գան: Վաւրինքա արձանագրած է հինգ, իսկ Նալպանտեան` երեք յաղթանակ:

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Նովաք Տիոքովիչ (Սերպիա), Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա) եւ Ռոժէ Ֆետերեր (Զուիցերիա):

Share this Article
CATEGORIES