ՊՈՒՆՏԸՍԼԻԿԱ. ԱԽՈՅԵԱՆ ՏՈՐԹՄՈՒՆՏ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՍԿՍԱՒ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ. ՊԱՅԷՐՆ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

Պորուսիա Տորթմունտի մարզիկները` իրենց արձանագրած յաղթանակէն ետք

Ուրբաթ, 5 օգոստոսին սկսաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան (Պունտըսլիկա) 2011-2012 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցաւ Պորուսիա Տորթմունտ-Համպուրկ բացման մրցումը:

Ախոյեան Տորթմունտ յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը: Աւելի քան 80 հազար համակիրներու ներկայութեան, Տորթմունտ իր կոլերը նշանակեց 17-րդ, 29-րդ եւ 48-րդ վայրկեաններուն, իսկ Համպուրկ` 79-րդ:

Պայէրն Միւնիխ պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ իր դաշտին վրայ 1 – 0 արդիւնքով տեղի տուաւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դիմաց:

Շթութկարթ 3 – 0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Շալքէն, մինչ Վերտըր Պրեմըն յաղթեց Քայզըրսլաութըրնի (2 – 0):

Ստորեւ կու տանք Ա. հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.

Քէօլն – Վոլֆսպուրկ        0 – 3
Օկզպըրկ – Ֆրայպուրկ      2 – 2
Հանովըր-96 – Հոֆընհայմ   2 – 1
Հերթա Պերլին – Նիւրեմպերկ 0 – 1
Շթութկարթ – Շալքէ              3 – 0
Վերտըր Պրեմըն – Քայզըրսլաութըրն 2 – 0
Պայէրն Միւնիխ – Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ 0 – 1
Մայնց-05 – Պայէր Լեւերքուզըն 2 – 0
Պորուսիա Տորթմունտ – Համպուրկ 3 – 1

 

Share this Article
CATEGORIES