ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՅԱՋՈՂ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ ՄԱՂԹԵՑ ԵՐԵՒԱՆՑԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒՆ
Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան ընդունեց 13 – 21 օգոստոսին Համահայկական 5-րդ խաղերուն մասնակցող Երեւանի մարզական պատուիրակութեան անդամները եւ բացման շքերթը գլխաւորող հանրածանօթ 10 մարզիչները:
10 մարզաձեւերու 12 հաւաքական խումբերուն մարզիչները ներկայացուցին խումբերուն տարած աշխատանքները` փորձելով ամէն գնով լաւ արդիւնքներ արձանագրել:
Ողջունելով ներկաները` Երեւանի քաղաքապետը մարզական պատուիրակութեան անդամներուն եւ անոնց մարզիկներուն մաղթեց յաջողութիւն` աւելցնելով, որ ինք անձամբ պիտի հետեւի արձանագրուելիք արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն հետ պիտի հանդիպի մարզահրապարակներուն վրայ:
CATEGORIES Մարզական


