«ՔՈՄԻՒՆԻԹԻ ՇԻԼՏ». ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Երէկ` կիրակի, 7 օգոստոսին, «Ուեմպլի»ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Քոմիւնիթի Շիլտ» բաժակի մրցաշարքի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը` Եունայթըտ եւ Սիթի:
Քիչ մը զարմանալի, բայց հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, անիկա աւարտեցաւ մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի կազմին` Եունայթըտի յաղթանակով: Վերջինս 2 – 0 արդիւնքով ուշանալէ ետք տարաւ վերջնական յաղթանակը` 3 – 2 արդիւնքով: Եունայթըտի յաղթանակը կերտեց Նանի մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (94-րդ):
Սիթի Ա. կիսախաղին 2 – 0 արդիւնքով յառաջացած էր` շնորհիւ Ժոլէոն Լեսքոթի (38-րդ) եւ Էտին Տզեքոյի (45-րդ) նշանակած կոլերուն: 52-րդ վայրկեանին Քրիս Սմոլինկ նշանակեց Եունայթըտի առաջին կոլը, իսկ նոյնինքն Նանի` իր կազմին հաւասարութեան կոլը (58-րդ):
Նշենք, որ Նանի իր կազմին յաղթանակի կոլը նշանակեց օգտուելով Սիթիի պաշտպանողական գիծին մէկ սխալէն:


