ԽՈԱՔԻՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՊԻՏԻ ՈՒԶԷ՞ ՄԻԱՆԱԼ ՓԱՈՔ ՍԱԼՈՆԻՔԱՅԻ
Յունական մամուլին համաձայն, տեղական կազմերէն ՓԱՈՔ Սալոնիքա իր վերջնական պատասխանը տուած է ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեանի ակումբին` Ռետ Պուլ Սալզպուրկի (Աւստրիա), անոր փոխանցման առնչութեամբ:
ՓԱՈՔ Պօղոսեանի փոխանցման համար կ՛առաջարկէ մէկ տարուան պայմանագրութեան ստորագրում եւ նոյն գումարը, ինչ որ ան կը գանձէր իր ակումբին հետ (350 հազար եւրօ):
Յունական ակումբը այսպիսով եկաւ վերջակէտ մը դնելու այս նիւթին:
Նշենք, որ Պօղոսեանով հետաքրքրուած էին նաեւ հարաւամերիկեան շարք մը ակումբներ:
CATEGORIES Մարզական


