ԹԵՆԻՍ. «ՖԻՈՒՉԸՐ»Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔ (ՌՈՒՍԻԱ). ԵՐՈՒԱՆԴ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ թենիսի «Ֆիուչըր» միջազգային մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա):
Ռուսահայ Երուանդ Գասպարեան, բաւական տպաւորիչ մրցումներ կատարելէ եւ սքանչելի ելոյթներ ունենալէ ետք տիրացաւ տիտղոսին` աւարտականին 6 – 4 եւ 6 – 0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ալեքսանտր Ռումիանցեւի (Ռուսիա):
24 տարեկան Գասպարեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանար ITF-ի մրցաշարքի մը տիտղոսին:
Նշենք, որ ATP-ի դասաւորման մէջ ան այժմ կը գրաւէ 418-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական