ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱԿԱՆՋ ԿՈՒ ՏԱՅ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ
Թել Աւիւի մէջ ցուցարարներ փողոցներու մէջ վրաններ լարած են` իբրեւ բողոք Իսրայէլի մէջ կեանքի պայմաններու, յատկապէս բնակարաններու սակի սղութեան: Հակառակ Իսրայէլի արձանագրած տնտեսական մեծ աճին, ժողովուրդը կեանքի դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ, ինչ որ Սպանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցածին նման բողոքի ցոյցեր կը յառաջացնէ:
Շաբաթներէ ի վեր տեղի ունեցող ցոյցերու մասնակիցներուն թիւը սրընթաց աճ արձանագրեց, ինչ որ երէկ իսրայէլեան կառավարութիւնը մղեց ցուցարարներուն մտահոգութիւնները քննելու յանձնախումբ մը յառաջացնելու:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ «այս յանձնախումբը հասարակութեան տարբեր մասերուն հետ համապարփակ երկխօսութիւն պիտի կատարէ, անոնց դժուարութեանց ու առաջարկներուն ականջ պիտի տայ եւ ելեւմուտքի նախարարին գլխաւորութեամբ ընկերային-տնտեսական սեղմ կառավարութեան յանձնարարականներ պիտի ներկայացնէ»:
Շաբաթ օր տեղի ունեցած ցոյցին ծաւալը կառավարութեան համար անկարելի դարձուց հասարակութեան զգացումները անտեսել: Շուրջ քառորդ միլիոն ցուցարարներ Թել Աւիւի եւ Երուսաղէմի մէջ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին:
Ցոյցի ղեկավարները հրապարակեցին պահանջներու ցանկ մը, ներառեալ` աժան բնակարաններու կառուցում եւ ամէն գնումի վրայ 16 առ հարիւրի տուրքի ջնջում:


