ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ ՄԱՄԼՈՅ ԻՐ ԲԱՆԲԵՐԻՆ ՃԱՄԲՈՎ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻՆ
«Նիուզռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի բանբեր Մանանա Մանճկալածէ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Վրաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են Ռուսիոյ հետ քաղաքակիրթ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու:
Մեկնաբանելով Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի` ռուսական եւ վրացական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցը` Մանճկալածէ ըսած է, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու նախապայմանը Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգալից վերաբերմունքն ու յարձակողապաշտ քաղաքականութիւն վարելէն Ռուսիոյ հրաժարիլն է:
«Տագնապ կը յառաջացնէ այն, որ Ռուսիոյ նախագահը դարձեալ շնական կերպով կ՛արդարացնէ ցեղային զտումները, զինուորական յարձակումը, բռնագրաւումը, որոնք իրականացուած են Ռուսիոյ կողմէ 2008-ի օգոստոսին», ըսած է ան` աւելցնելով, որ շատ վտանգաւոր է նաեւ այն, որ «Վրաստանի դէմ յարձակումը Մետվետեւ այլ երկիրներու համար դաս կը նկատէ»:
Սահակաշվիլիի մամլոյ բանբերը նաեւ ըսած է, որ իր տպաւորութեամբ` Մետվետեւի խօսելաոճը համարժէք էր պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանի բառապաշարին: