ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 5 օգոստոսին ընդունեց Հայաստանի քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի պատուիրակութիւնը` խորհուրդի ղեկավար Մանուէլ Բադալեանի գլխաւորութեամբ:
Քննարկուեցան քաղաքացիական ծառայութեան մարզին մէջ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց այս մարզի դերն ու նշանակութիւնը կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման տեսանկիւնէն` գոհունակութեամբ ընդգծելով երկու հայկական հանրապետութեանց համանուն կառոյցներուն միջեւ աշխուժ համագործակցութիւնը:
CATEGORIES Հայկական