ԺՈՄՊԼԱԹ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՑԵԼԵՑ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին այցելեց Թուրքիա, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ թուրք բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:
Այս գծով քուէյթեան «Անպա» թերթին վերագրելով իրենց տեղեկութիւնները` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ Ժոմպլաթ Թուրքիոյ մէջ տեսակցի նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
CATEGORIES Լիբանանեան