«ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՆ ՄԻՋԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԵԱՆ» Կ՛ԸՆԴԳԾԷ ԿԱՊԻ ԼԱՅԵՈՒՆ
«Քաղաքական բարեկարգումի իսկական իրագործումը կը կայանայ արդար եւ արդիական ընտրական օրէնքի մը որդեգրումով», յայտարարեց մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն շաբաթավերջին Զահլէի մէջ սարքուած ընթրիքի երեկոյի մը ընթացքին:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Զահլէի մասնաճիւղի տարեկան ձեռնարկին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախարար Լայեուն կոչ ուղղեց հպատակութեան վայրերու արձանագրութեանց տեղափոխման եւ առհասարակ հպատակութեան առնչուող հարցերու շուտափոյթ լուծման:
Միւս կողմէ, նախարար Լայեուն դիտել տուաւ, որ արմատական ծայրայեղ խմբակցութիւնները կը վտանգեն միջլիբանանեան գոյակացութիւնն ու համակեցութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան