ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ԼԻՆՈՅԻ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՄԱՀԱՓՈՐՁԷՆ ԵՏՔ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԱՅՆ ՀԵԼՈՒԷ ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆԸ ՎԵՐԱԳՏԱՒ ԻՐ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Մանուկ մը զոհ գնաց եւ ութ ուրիշներ վիրաւորուեցան շաբաթավերջին Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ծագած զինեալ բախումներուն պատճառով: Ֆաթհ շարժումի եւ Ժունտ Շամի զինեալներուն միջեւ ծագած այս բախումները կը յաջորդէին Ֆաթհի Զինեալ պայքար խմբաւորման ղեկավար Մահմուտ Իսայի (ծանօթ` Լինօ անունով) դէմ կատարուած մահափորձին: Վիրաւորներէն երկուքը կը գտնուին մահաքունի ծանր վիճակի մէջ:

Վերջին տեղեկութեանց համաձայն, զգուշաւոր հանդարտութիւն մը կը տիրէ գաղթակայանին մէջ` երկու կողմերու լարուած տրամադրութեանց ներքեւ:

Այս գծով Ֆաթհի մահափորձի ենթարկուած ղեկավար Լինօ դատապարտեց պատահածը` շեշտելով, որ «պիտի կտրենք այն ձեռքը, որ կ՛երկարի մեր դէմ»:

Share this Article
CATEGORIES