ՇՈՒՖԻ ՄԷԿ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԻՐ ԽՕՍՔԻՆ ՄԷՋ «ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՂՆԱՅԱՐՆ Է ԵՒ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄԸ Կ՛ԻՐԱԿԱՆԱՆԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԶՕՐ. ՄԻՇԵԼ ԱՈՒՆ

Զօր. Աուն` ընթրիքի երեկոյին ընթացքին արտասանած իր խօսքին ընթացքին

«Եօթանասունական թուականներէն ի վեր առաջին անգամն է, որ կը տեսնենք ազգային նման մթնոլորտ Շուֆի մէջ, ու կրնանք ըսել, թէ գէթ բարոյապէս ու հոգեպէս վերադարձած ենք Լեռնալիբանան», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին` Շուֆի դատական խորհուրդին կազմակերպած տարեկան ընթրիքին ընթացքին:

Իր խօսքին մէջ զօր. Աուն կոչ ուղղեց փութացնելու եւ խտացնելու դէպի Լեռնալիբանան տունդարձի ճիգերը:

Միւս կողմէ, ան վերահաստատեց, որ պիտի շարունակէ հետապնդել փտածութեան դէմ իր պայքարը` ընդգծելով, «բոլոր անոնք, որոնք ձեռք երկարեցին ազգային գանձարկղին, պէտք է կրեն իրենց պատասխանատուութիւնը»:

 

Share this Article
CATEGORIES