«ՄԱՀԿԱՆԱՑՈՒ ԾՆԵԱԼ, ԶԱՆՄԱՀ ԶԻՒՐՆ ՅԻՇԱՏԱԿ ԵԹՈՂ»

Քաջերը մահ չունին: Բոլորը կը վախնան քաջէն, անգամ մահը կը սոսկայ անկէ եւ զայն կը գտնէ դարանակալ: Նմանօրինակ քաջերէն մէկը եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իշխան` Վիգէն Շաղզոյեանը: Քուէթահայ գաղութն ու Ազգային վարժարանը, ի դէմս իր հին ու նոր բոլոր անդամներուն, կը սգան մահը այն մարդուն, որ եղաւ քուէյթահայ համայնքի ու Ազգային վարժարանի գլխաւոր հիմերէն մէկը:

Հոգեպէս խորտակուած ու սրտաբեկ կանգնած ենք այս փաստին առջեւ, սակայն մեզմէ հեռու կը վանենք ազգայինի անվայել տկարութիւնը` ողբալու անոր մահը, որովհետեւ հերոսներուն չեն ողբար, այլ անով կը հպարտանան ու կը սքանչանան:

Իբրեւ ազգային խոր իմացականութեան եւ զօրաւոր խառնուածքի տէր մարդ` ան գիտցաւ գործին վերաբերող բոլոր խնդիրներուն մօտենալ մտածումի հերոսականութեամբ: Իբրեւ բարձր բարոյականի տէր մարդ` եղաւ հզօր ու աներկիւղ, մնաց անողոք այն բոլորին նկատմամբ, որոնք այս աշխարհի մէջ անձնական շահը սկզբունք դարձուցած են, «ծախու հանած են իրենց սուրը», կռնակ դարձուցած իտէալին ու կեանքին մէջ ամէն բան կապած մեռեալ նիւթին` նիւթապաշտութեան:

Ճիշդ յիսուն տարի առաջ մեզ միացուց մեր ժողովուրդի ընդհանուր ճակատագիրը: Մեզ միեւնոյն գաղափարի շուրջ հաւաքեցին Հայաստանն ու համայն աշխարհով սփռուած հայերու ապագայի հարցը, եւ անոր ու անոր նմաններուն շնորհիւ` մենք աւելի ջերմօրէն սիրեցինք հայրենիքն ու անոր ճակատագիրը:

Տարիներն անցան: Մենք վկայ եղանք անոր հոգիի վեհութեան` որպէս անմնացորդ նուիրեալի իր հայրենիքին ու քուէյթեան անապատներուն մէջ հոգեպէս անօթեւան մնացած իր հայրենակիցներուն: Որպէս մեծ բարերար եւ նուիրատու` եղաւ ու կը մնայ այն փարոսը, որ դեռ շատ երկար պիտի լուսաւորէ հայ համայնքին նաւը` մութ ու խաւար այս աշխարհին մէջ:

Ահա մարդ մը, որ ըլլալով ռազմաշունչ ցեղի կայտառ ծնունդ, իրաւամբ կը գրաւէ առաջին տեղը հերոսներու փաղանգին մէջ: Ան իր սրտի լարերը թրթռացուց տառապող ու պայքարող հայութեան համար:

Ան ապրեցաւ ու տառապեցաւ գերմարդկօրէն, ըմբոստացաւ մարդկային անարդար ճակատագրի, քաղաքական բռնութեան եւ ընկերային անարդարութեան դէմ: Աննկուն պայքարի տէրն էր ու մնաց այդպէս` մինչեւ վերջ: Տառապեցաւ ու աշխատեցաւ յանուն պանդուխտ ժողովուրդի բարեկեցիկ ապագային` ո՛չ որպէս մարդասիրական շարժուձեւ, ո՛չ ալ իր ճակատը զարդարող լուսապսակին փառքի նոր ճառագայթ մը աւելցնելու ցանկութեամբ: Ան յանուն տառապողի գիտցաւ արհամարհել փառքի դափնին:

Ապրեցաւ ու զգաց մեր տարագրութիւնը, որովհետեւ մէկն էր մեր ժամանակներու ամէնէն զգայուն որդիներէն եւ չէր կրնար չզգալ աշխարհի ցաւերէն ամենավսեմն ու հերոսականը: Որպէս Քուէյթի Ազգային վարժարանի յոբելենական հանդիսութիւններու գործադիր մարմին` վկայ ենք անոր տարած անձնուէր գործունէութեան` պատշաճ մակարդակով նշելու սուրբ օճախի յիսնամեայ գործունէութիւնը անմահացնելու գործին` թէ՛ Քուէյթի եւ թէ՛ Ամերիկայի մէջ: Ան զօրավիգ կանգնեցաւ մեզի` տրամադրելով իր ձեռքին տակ ունեցած բոլոր արխիւները:

Հաւաքական աշխատանքի եւ միասնութեան գաղափարի որպէս ջատագով ու ռահվիրայ` ան իր մասնակցութիւնը բերաւ Քուէյթի Ազգային վարժարանի բակը տեղեկայուելիք յուշակոթողի հարցին շուրջ: Իր լայնամիտ խորհուրդները դեռ կը հնչեն մեր սրտին մէջ:

Ան միշտ կը խրախուսէր հաւաքական աշխատանքը` յիշելով տարիներ առաջ դպրոցի հողի գնման ժամանակ կայացած հայ համայնքի աննախադէպ միասնութիւնը: Այս բոլորը անոր մէջ ստեղծեցին հոգիի վեհութիւն, որ յաջորդ սերունդներուն պիտի ձգէ իբրեւ անարծաթ կտակ:

Խաղաղութի՛ւն աճիւններուդ:

Ի դիմաց`
Քուէյթի Ազգային վարժարանի
Յոբելենական Հանդիսութիւններու Կեդրոնական եւ Ամերիկայի Գործադիր Մարմին

Share this Article
CATEGORIES