ԻՏԱԼԻՈՅ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՄՈՆՐԷԱԼ ՓՈԽԱՐԻՆԵՑ ՌԱՄՈՍԸ` ՍՊԱՆԻՈՅ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ
Վաղը` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին, Պարիի մէջ (Իտալիա) տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին աշխարհի ախոյեան Սպանիա հիւրը պիտի ըլլայ Իտալիոյ:
Սպանիոյ մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ այս մրցումին համար իր կազմին միացուց չորս միջազգային մրցումի մասնակցած Մալակայի յետսապահ Նաչօ Մոնրէալը (25 տարեկան)` նկատի ունենալով, որ Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին կատարած մէկ մրցումին վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Շատ հաւանաբար Ռամոս յառաջիկայ կիրակի օր Պարսելոնայի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի երթի մրցումին չկարենայ դաշտ ներկայանալ:
CATEGORIES Մարզական