ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳՐԱՒԵՑ 6-ՐԴ ԴԻՐՔԸ
Նախորդ շաբաթավերջին Մակեդոնիոյ մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի պատանիներու ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի պատանիներու հաւաքականը, որ չորս տարուան ընդմիջումէ մը ետք դարձեալ դուրս եկած էր եւրոպական ասպարէզ, 5-րդ դիրքին համար իր կատարած վերջին մրցումին 69-52 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Հունգարիայէն:
Այսպիսով, 22 երկիրներուն մէջ Հայաստան գրաւեց 6-րդ դիրքը, ինչ որ Հայաստանի պասքեթպոլի պատմութեան մէջ արձանագրուած լաւագոյն արդիւնքն է:
Հայաստանի հաւաքականը, որ շարք մը տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեց, փաստեց, որ յառաջիկայ տարիներուն շատ աւելի լաւ մրցումներ կրնայ կատարել:
Նշենք, որ իր կատարած նախավերջին մրցումին, Հայաստան 85-71 արդիւնքով յաղթեց Հոլանտայի, որ ունի զօրաւոր հաւաքական մը:
CATEGORIES Մարզական

