ԴԱՒԻԹ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ ՄԸ Կ՛ԱՆՑԸՆԷ Ֆ. Ք. ՑԻՒՐԻԽԻ ՀԵՏ
Շիրակ Գիւմրի ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքէջը նախորդ շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ 18 տարեկան միջնապահ Դաւիթ Յակոբեան մեկնեցաւ Զուիցերիա` փորձառական շրջան մը անցընելու համար տեղւոյն կազմերէն Ֆ. Ք. Ցիւրիխի հետ:
Նշենք, որ ան մաս կը կազմէ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային հաւաքականին:
Ըստ ակումբի կայքէջին, երկու ակումբներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որ Յակոբեան մէկ շաբաթ մարզուի զուիցերիական ակումբին հետ եւ իր մասնակցութիւնը բերէ անոր կատարելիք բարեկամական մրցումին:
Եթէ պատահի, որ ան փորձառական յաջող շրջան մը անցընէ այդտեղ, ան ձմրան պիտի փոխանցուի զուիցերիական ակումբին` նկատի ունենալով, որ այժմ Զուիցերիոյ մէջ մարզիկներու փոխանցումներուն ժամանակը աւարտած է:
Յետադարձ ակնարկ մը կատարելով` Ցիւրիխի հետ նախապէս ելոյթ ունեցած է Գիւմրեցի Արթուր Պետրոսեան, որ Հայաստանի հաւաքականի բոլոր ժամանակներուն կոլսքորըրն է:
Այժմ ան կը մարզէ Ցիւրիխի 18 տարեկանէն վար խումբը, որ ներկայիս Զուիցերիոյ ախոյեանն է: