ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ՆԱՒՈՒՆ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԸ

Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ հանդիպման ընթացքին

Երէկ` երկուշաբթի, 8 օգոստոս 2011-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի հայրապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց հայրենի «Արմենիա» առագաստանաւուն անձնակազմը` գլխաւորութեամբ հայրենի մտաւորական Զօրի Բալայեանի: Անձնակազմին ընկերանալով` զայն վեհափառին ներկայացուց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան:

Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին եւ հայոց լեզուի պահապան հայ մայրերուն ի պատիւ ընթացք առած սոյն նաւարկութիւնը, աշխարհի տարբեր հայկական գաղթօճախներէ անցնելէ ետք 6 օգոստոսի երեկոյեան հասած էր Լիբանան, ուր ազգային խանդավառ դիմաւորութեան արժանացած էր, գլխաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Նաւապետը վեհափառին կը յանձնէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դրօշակը

Նաւաստիները ընդունելով` Արամ Ա. կաթողիկոս  ըսաւ, թէ այս երեւոյթը կը նկատէ ուխտագնացութիւն, զոր կը բնորոշէ իբրեւ հաւատքով, յոյսով ու ապագայատեսիլ յանձնառութեամբ կատարուած ուխտագնացութիւն: «Այսպէս եղաւ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը: Ձեր այս նախաձեռնութիւնը մեր ժողովուրդի ամբողջականութիւնը կը խորհրդանշէ` Հայաստան, Արցախ եւ Ղարաբաղ միացեալ պատկերով: Պատմութիւնը տեսակ-տեսակ բաժանումներ պարտադրեց մեզի, սակայն մեր կեցուածքով մերժեցինք այդ բոլորը: Այսօր եւս, Հայաստանը սփիւռքէն հեռացնելու, բաժնելու միտող յայտնի թէ անյայտ աշխատանքներ կը տարուին, սակայն այդ ամէնուն դարձեալ ո՛չ կ՛ըսենք, ազգային ու հայրենասիրական մեր ամուր ոգիով ու միասնականութեան անշեղ կեցուածքով»:

Խօսք առաւ նաեւ նաւաստիներու գլխաւոր ներկայացուցիչ Զօրի Բալայեան` ներկայացնելով այն ուղին, ուրկէ նաւարկեց «Արմենիա»ն անցնող տարիներուն ընթացքին: Ան նաեւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերակատարութեան` զայն իբրեւ խորհրդանիշ ներկայացնելով Հայկական Կիլիկիոյ: Հանդիպման աւարտին, նաւապետը վեհափառին յանձնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դրօշը` յայտնելով, որ նաւարկման ամբողջ ընթացքին այդ դրօշը Հայաստանի դրօշին կողքին ծածանած էր նաւու կայմին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES