ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱԾ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԻՆ. «ՊԱՏԱՀԱԿԱՆ ՉԷ, ՈՐ 100 ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՈՒՆԻՆՔ 100 ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԸՍԱՒ ԶՕՐԻ ԲԱԼԱՅԵԱՆ

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

«Արմենիա» առագաստանաւի Լիբանան ժամանման առիթով երէկ` երկուշաբթի, 8 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին նաւախումբի ղեկավար Զօրի Բալայեան եւ նաւապետ Սամուէլ Կարապետեան անդրադարձան այս խորհրդանշական առագաստանաւով կատարուած ուղեւորութեան իմաստին, նպատակին եւ տարբեր հանգրուաններուն: Իւրայատուկ էր առագաստանաւուն վերաբերող այն պատկերը, զոր տուաւ Զօրի Բալայեան. «Դուրս կու գաս բաց ծով, վերը Աստուած է, ովկիանոսը` տակդ, «Արմենիա» նաւը` 30 մեթր երկայնք ունեցող Եռագոյնով»:

Ներկաները եւ «Արմենիա»ի անձնակազմը ողջունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ նման նախաձեռնութիւն մը նկատեց հպարտութիւն առթող` դիտել տալով, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կարելի եղած է յաջողութեամբ պսակել այս ծրագիրը` իբրեւ պաշտօնական աւարտման կէտ ունենալով Պէյրութը:

Զօրի Բալայեան

Ապա խօսք առաւ «Արմենիա»ի նաւախումբի ղեկավար Զօրի Բալայեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս ուղեւորութեան հիմնական նպատակն էր հաստատել «Ծովից ծով Հայաստան»ին հայութեան կառչածութիւնը, անոր իրաւացիութիւնը` «Արմենիա» նաւով ընթացք առնելով ծովէն եւ արշաւը աւարտելով ծովուն մէջ: Անոր համաձայն, նման շրջագայութիւն մը պատիւ կը բերէ տուեալ երկրին եւ նոր էջ կը բանայ անոր ժողովուրդի պատմութեան մէջ, իսկ այս ծովային շրջագայութիւնը այլ խորք եւ իմաստ կը զգենու, որովհետեւ անիկա սոսկ նաւարկութիւն չէ տուեալ ովկիանոսներով ու ծովերով, այլ ուղեւորութիւն է դէպի այն վայրերը, ուր հայութիւն գոյութիւն ունի` նոյնիսկ եթէ սփիւռքի աշխարհագրութիւնը նաւախումբին կը պարտադրէ դիւրին ուղիներէն շեղելով ընտրել դժուար ու բարդ ուղիները: Զօրի Բալայեան հաստատեց, որ այս ուղեւորութեամբ իրենք կը միտին ցոյց տալ, թէ շուրջ 200 երկիրներէն գէթ 100-ին մէջ հայկական համայնք գոյութիւն ունի` իրենց աւելի քան 1700 եկեղեցիներով, դպրոցներով եւ համապատասխան կառոյցներով: Այս իրականութիւնը նաեւ այլ հարցադրում մը յառաջ կը մղէ, թէ ինչո՛ւ այսքան մեծ թիւով հայութիւն կ՛ապրի իր հայրենի օրրանէն դուրս: «Պատահական չէ, որ 100 երկիրներու մէջ ունինք 100 Հայաստան», նշեց Բալայեան` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդին ապրած ահաւոր ողբերգութեան հետեւանք եղող այս իրողութիւնը սփիւռքահայութիւնը կրցաւ դրականի վերածել. Զ. Բալայեան այս իմաստով անդրադարձաւ սփիւռքի կարեւորութեան` նշելով, որ Հայաստանն ու սփիւռքը միմիանց կը լրացնեն:

Իրենց առաքելութեան տարբեր երեսներուն անդրադառնալով` նաւախումբին ղեկավարը նշեց, որ իրենք նաեւ գիտարշաւ կատարելու նպատակով ճամբայ ելած են, որպէսզի նկարահանեն եւ համապատասխան գիրք պատրաստեն աշխարհով մէկ տարածուած հայկական եկեղեցիներուն մասին: Այս ուղեւորութիւնը հայ մայրերուն նուիրելու հանգամանքին մասին խօսելով` ան ըսաւ, թէ մայրերն են լեզուն, պատմական յիշողութիւնը պահպանողները, սերունդները անցեալով սնուցանելով դէպի ապագայ առաջնորդողները: «Մայրերը իւրայատուկ անձնաւորութիւններ են», նշեց ան:

Իր խօսքի աւարտին Զօրի Բալայեան դիտել տուաւ, թէ իրենց նպատակներէն էր նաեւ ապացուցել, որ հայութիւնը կրնայ, կարողութիւնը ունի նման ուղեւորութիւն մը կատարելու, ինչ որ կարեւոր է, որովհետեւ ամէն յաղթանակ զայն կերտելու կարողութիւնը ունենալու հաւատքով իրականութիւն կը դառնայ: Ան նշեց, որ թէեւ իրենց շրջագայութիւնը վերջ գտած է, սակայն իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակուի այլ նախաձեռնութիւններով:

Սամուէլ Կարապետեան

Ապա խօսք առաւ նաւապետ Սամուէլ Կարապետեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց այն երկիրները, ովկիանոսները եւ ծովերը, զորս կտրած են` սկսելով սպանական Վալենսիա քաղաքէն եւ աւարտելով Միջերկրականի մէջ` Պէյրութ: Անոր համաձայն, թէեւ առագաստանաւը արդէն 20 տարեկան է, սակայն անիկա դիմացած է բոլոր փոթորիկներուն, անցած է դժուար, սակայն մեծ իմաստ ունեցող ճամբաներով ու ծովերով` հասնելու համար հոն, ուր հայութիւն կայ:

Ան պատմեց իրենց ուղեւորութեան վերաբերող կարգ մը դրուագներու մասին, որոնց յաղթահարումով կարելի եղած է իրականացնել այս շրջագայութիւնը, եւ որոնց յաղթահարումը ինքնին ներքին զօրութիւն ու  հաւատք կ՛ենթադրէ:

Աւարտին Բալայեան եւ Կարապետեան պատասխանեցին լրագրողներուն հարցումներուն:

 

Լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման պահուն

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Մամլոյ ասուլիսին յաջորդեց հանդիպում մը լիբանանահայ համայնքի կուսակցական, յարանուանական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, որոնց ներկայացուեցան ուղեւորութեան խորհուրդը, հետապնդած նպատակները, անցած ճանապարհը:

Մամլոյ ասուլիսին յաջորդեց հանդիպում մը լիբանանահայ համայնքի կուսակցական, յարանուանական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, որոնց ներկայացուեցան ուղեւորութեան խորհուրդը, հետապնդած նպատակները, անցած ճանապարհը:

Share this Article
CATEGORIES