ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

«ՍՈՒՐԻԱ կը գտնուի տրամաթիք դէպքերու նախօրեակին, որոնց սաստկացման պարագային շրջանը կրնայ տարանջատուիլ», յայտարարեց լիբանանցի վերլուծաբան Ատել Մալեք երէկ` «խիստ զգայուն» նկատելով Սուրիոյ այժմու իրավիճակը: «Լիբանանի Ձայն» կայանին կատարած իր յայտարարութեամբ` «Սուրիա ներկայիս աւելի պէտք ունի Լիբանանի, քան Լիբանան` Սուրիոյ», ընդգծեց Ատել Մալեք:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մօտ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ երէկ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը շնորհաւորեց իբրեւ Փաղանգաւոր կուսակցապետ անոր վերընտրութեան առիթով: Անոնք քննարկեցին շրջանային եւ լիբանանեան իրավիճակի վերջին իրադարձութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES