ԿԱԼՈՒԱԾԱՅԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՈՎ. ՊԱՏԱՐԱԳ` ԼԱՍԱՅԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Լաւատեղեակ աղբիւրներէ կ՛իմացուի, թէ յառաջիկայ 15 օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Ս. պատարագ պիտի մատուցուի խնդրայարոյց Լասա շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
«Մարքազիէ» լրատու գործակալութիւնը, որ լուրը կը հաղորդէ, կ՛աւելցնէ, որ նախապատրաստական քուլիսային աշխուժ քայլեր կ՛առնուին Աստուածամօր նուիրուած պատմական հնագիտական եկեղեցին վերակենդանացնելու գծով:
Նշենք, որ նշեալ շրջանը վերջին շաբաթներուն բանավէճ ստեղծած էր կալուածային պատճառներով:
CATEGORIES Լիբանանեան